
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Էտըմ Շիֆն 5 Սեպտեմբերին դարձեալ անդրադարձաւ Պաքուի կողմէ անօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու հարցին, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի «դաժան շրջափակման» առնչութեամբ։
Շիֆ այս մասին գրած է իր Facebook-ի եւ X-ի (նախապէս՝ Twitter) էջերուն վրայ՝ նշելով․«Մինչեւ այսօր Ատրպէյճան կը շարունակէ անօրինաբար պահել բազմաթիւ հայ ռազմագերիներ, իսկ անհետ կորսուած շատերու ճակատագիրը տակաւին անյայտ է։ Մտահոգ եմ այն ընտանիքներով, որոնք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տակաւին չեն գտած իրենց հարազատները։ Կ՛աղօթեմ անոնց ապահով վերադարձին համար, ինչպէս նաեւ կ՛աղօթեմ դաժան շրջափակման աւարտին համար»:
Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ Ատրպէյճան կը շարունակէ 33 հայ գերիներ պահել՝ խախտելով 9 Նոյեմբերի 2020ի եռակողմ յայտարարութեան 8րդ կէտը։ Բազմաթիւ իրաւապաշտպաններ բարձրաձայնած են, որ իրականութեան մէջ հայ գերիներուն թիւը աւելի մեծ է։