

Արցախի խորհրդարանի 5 ուժերէն 4ին նախագահական թեկնածուն քանի մը օր առաջ պետական նախարար նշանակուած 44ամեայ Սամուէլ Շահրամանեանն է:
Խորհրդարանի քարտուղարութենէն «Ազատութեան» փոխանցեցին, թէ «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ», «Արդարութիւն», Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնները առանձին-առանձին նախագահի պաշտօնին համար ներկայացուցին իրենց թեկնածուն՝ Սամուէլ Շահրամանեանը: Գործող պետական նախարարը այս 4 ուժերուն հետ հանդիպում ունեցաւ 5 Սեպտեմբերին:
Արցախի Ազգային ժողովի քարտուղարութեան պետ Անահիտ Քոչարեան յայտնեց, որ «Միասնական Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Սամուէլ Բաբայեան յայտնեց, թէ իրենք քուէարկութեան պիտի չմասնակցին, այլ նախագահի ընտրութեան օրը մտադիր են Ստեփանակերտի մէջ ցոյց կազմակերպել:
Ըստ պատգամաւորներուն՝ նախագահի ընտրութեան առաջին փուլը յառաջիկայ Շաբաթ, 9 Սեպտեմբերն է։
6 Սեպտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնակատար Դաւիթ Իշխանեան հրաւիրեց աշխատանքային խորհրդակցութեան, որուն օրակարգն էր՝ Արցախի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած իրավիճակը:
Ատրպէյճանի հետ շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին եւ Արցախի Հանրապետութեան ապահովութեան եւ պաշտպանութեան երաշխաւորման ուղղութեամբ կատարուող քայլերուն մասին զեկուցեց պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Կամօ Վարդանեան:
Պետական նախարար Սամուէլ Շահրամանեան խորհրդակցութեան մասնակցողներուն ներկայացուց մարդասիրական աղէտի յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուած միջոցները եւ խօսեցաւ նոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անհրաժեշտ քայլերուն մասին:
Խորհրդակցութեան մասնակցողները անդրադարձան նաեւ յառաջիկայ ներքաղաքական կարեւոր իրադարձութեան` Ազգային ժողովին կողմէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան:
Արցախի նախագահի պաշտօնակատար Դաւիթ Իշխանեան շեշտեց ստեղծուած բարդ ռազմաքաղաքական իրավիճակին եւ մարդասիրական աղէտի պայմաններուն մէջ, սահմանադրական գործընթացներու անթերի եւ անցնցում կազմակերպման կարեւորութիւնը: