
ԶԱՐԵՀ ՉԱԼԵԱՆ
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, տագրոջ, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին՝ Զարեհ Չալեանի մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 4 Սեպտեմբեր 2023ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2023ին, առաւօտեան ժամը 9ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ (կարմիր եկեղեցի), ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ, 6300 Forest Lawn Dr., Los Angeles, CA 90068
Սգակիրներ՝
Կինը՝ Անի (Պաղտասարեան) Չալեան
Դուստրը՝ Մարալ Չալեան
Դուստրը՝ Արփի Չալեան եւ Զարեհ Խաչատրեան
Դուստրը՝ Հուրի Չալեան եւ Մայք Փանու
Թոռները՝ Սիրան եւ Գայեանէ Խաչատրեան
Թոռները՝ Զապէլ եւ Հայկ Փանու
Քոյրը՝ Մարօ Չալեան Ռիտ
Եղբօր կինը՝ Մարալ Չալեան
Եւ համայն Չալեան, Մանուկեան, Տուզճեան, Քլիրի, Ռիտ, Չամսարեան եւ Պաղտասարեան ընտանիքները, հարազատներն ու ընկերները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Armenian National Committee of America-ին (ANCA, 1711 N. Street NW, Washington, DC 20036):
ԸՆԿ. ԶԱՐԵՀ ՉԱԼԵԱՆի՝ «Ասպարէզ»ի երկար տարիներու բարեկամին եւ աջակցողին, մահուան տխուր առիթով, «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնն ու պաշտօէնութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ ընկհ. Անի Չալեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
Նշենք, որ 2016ին, լոյս տեսաւ «Ասատուր Չալեանի Յուշեր» գեղատիպ հատորը, որուն հրատարակութիւնը պատրաստած էր հեղինակի որդին՝ հանգուցեալ Զարեհ Ա. Չալեան, «Ասպարէզ»ի խմբագիրներ՝ Աբօ Պողիկեանի եւ Արա Խաչատուրեանի ու Չալեան ընտանիքի այլ անդամներու աջակցութեամբ։