ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ներազգային մեր կեանքին մէջ, հրապարակով յայտնուած որեւէ լուրջ գաղափարի մը դէմ հակադրուիլը շատ աւելի հեշտ եղած է, քան անոր խորը ներթափանցելով մանրազնին քննարկման ենթարկելը…
Երբ գրող մը իր բնատուր տաղանդը գործի դնելով, կեանք մը ամբողջ ճգնելով տասնեակներով գրական գործեր կ՛արտադրէ, անդին ինքզինք ամենագէտ քննադատի տեղ դնող մեծամիտին մէկը, յանկարծ կը ժպրհի այնպէս կոչուած իր ատելավառ, փարա չարժող քննադատականներով ու թունաւոր սլաքներով գետնին հաւասարեցնել տաղանդաւոր իր զոհը…
Եթէ ուշի ուշով քննական ակնարկ մը նետէք գրական մեր կեանքին, կրնաք առանց վարանումի առարկել թէ վերջին տասնամեակներուն, Սփիւռքի տարածքին կասկածելի տաղանդով գրական քննադատներու, այլապէս՝ գիշատիչի տարազով հրապարակը աղմկող գրողներու խոշոր մէկ տոկոսը, մեր ազգային, քաղաքական ու կրօնական հաստատութիւններէն դուրս շպրտուածներու շարքին կը պատկանին: Անոնք, զուրկ ըլլալով ստեղծագործ գրողի տաղանդէն, սրդողած կը փորձեն վրէժ լուծել օժտեալներէն: Սակայն եւ այնպէս, արդարութեան սիրոյն պէտք է ընդունիլ, թէ հոգեւորականի փիլոնէն ու քաղաքական կեանքէն կամովին հրաժարողներուն շարքին գոյութիւն ունին նաեւ իրաւ տաղանդներ, լուրջ ու օրինակելի մտաւորականներ, անբիծ անհատականութիւններ եւս:
Դժբախտաբար մեր մօտ հետզհետէ կը բազմանան այն տիպարները, որոնք հոգը չեն քաշեր ստեղծագործութիւն մը լրջօրէն կարդալու ու անոր խորքը թափանցելու, այլ իրենք իրենց գրական քննադատի հովեր առած այդ ողորմելիները, փոխանակ նոր հրապարակ ելած գործ մը սիրով ու լարումով ընթերցելու, պուրակ մտնող բնութենապաշտի մը երկիւղածութեամբ, հոն յայտնաբերելու բնութեան ծաղկուն գեղեցկութիւնն ու դիւթիչ, արբեցնող բուրմունքը, այո՝, այդ ողորմելիները պուրակ կը մտնեն գիշատիչի բնազդով, անգոսնելով իրենց շուրջ տարածուող գեղեցկութիւնը, միայն ու միայն առաջնորդուելով ատելավառ խանդով ու շուտափոյթ կարծիքի հասնելով, կը փորձեն իրենց զոհը գետնէ գետին զարնել, ու զայն ոտքի տակ առնելով շան սատակ ընել ու լաւագոյն պարագային՝ սատանի գիրկը ուղարկել: Եւ այս բոլորը յաճախ անհուն ճիգով արարուած գեղեցիկ գործ մը ոտքերուն տակ տրորելու մոլուցքէն մղուած:
Միթէ գիտակից գրական քննադատի մը պարտականութեան ծիրին մէջ չ՛իյնար գրական գործ մը լրջօրէն կարդալ, կշռադատել եւ զայն սիրցնել ընթերցող հասարակութեան: Փորձով գիտեմ, զիս չհանդուրժողներու տղայական յարձակումները, դրական կամ ժխտական մօտեցումները, գրական կեանքիս ընթացքին, զիս խոցելու ու չէզոքացնելու տեղ, նոր հատորներս ու անձս հայ ընթերցողին սիրցնելու ու գիրքերս սպառելու ծառայեցին: Այդ առնչութեամբ շատերու կողքին քանի մը լուրջ մտաւոկաններու խօսքերը պիտի վերյիշեմ: Երկուքը՝ աշխարհական, միւսը՝ հոգեւորական:
Նախ Անահիտ Արամունիին կարծիքը․ «Երեկոները, սիրելի Գուբելեան, գրական եւ ընկերային ո՜ր հաւաքոյթի ալ ներկայ գտնուինք, խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը դուն ես, քու անձդ եւ քու ստեղծագործութիւններդ են…»
Իսկ գալով տաղանդաւոր գրչեղբօրս ՝ Կարապենցին խոստովանութեան՝ «Այ տղայ, դուն ինձմէ խոհեմ ու տղամարդ դուրս եկար ու թոյլ չի տուիր, որ քեզ ալ տնտեսապէս շահագործէ ու մինչեւ ոսկորներդ մերկացնէ»։ Պէյրութ հրատարակուող գրական յայտնի թերթին շահամոլ, մեծապատիւ խմբագրի մը կ՛ակնարկէր ան: Այո, մինչեւ օրս կը յիշեմ անոր կատարած սադրանքները անձիս հանդէպ…
Իսկ Մխիթարեան ուխտէն հոգելոյս հայր Բարսեղ Ֆերհաթեան, որուն հրատարակած «Վերելք» պարբերականին փոխխմբագիրը եղած եմ տարիներ ամբողջ, օր մը նկատելով անտրամադիր, տխուր հոգեվիճակս, որ արդիւնք էր կարգ մը լոս անճելեսահայ թերթերու մէջ զիս չհանդուրժող խմբագիրներու եւ գրողներու կողմէ եղած անտեղի, կրքոտ յարձակումներուն, կարեկցանքով ըսաւ․ «Պօղոս տղաս, մի՝ տխրիր ու սրտիդ մի առնէր անձիդ դէմ եղած փորի ցաւ բուրող անտաղանդ միջակութիւններու յարձակումները: Վստահ եղիր քեզ չհանդուրժողներն եւ նորարար գրականութիւնդ քննադատողները մատի վրայ կը համրուին, իսկ քեզ սիրող ու գնահատող ընթերցողները հազարներ կը հաշուեն, մէջն ըլլալով Խորէն կաթողիկոսն ու Հայ կաթողիկէ պատրիարք՝ Գասպարեանը: Դուն քու ուշադրութիւնդ անոնց վրայ կեդրոնացուր եւ Աստուծոյ փառք տուր քեզի շնորհուած գրողի անառարկելի տաղանդին համար…»
Իրաւունք ունէր հայր սուրբը: Գրական կեանքիս տեւողութեան յայտնի քննադատներու կողմէ բազմաթիւ դրական լուրջ գրախօսականներ ալ նուիրուած են հեղինակած գործերուս: Իսկ ես, իմ կարգիս, տասնեակներով գրախօսականներ գրած եմ սփիւռքահայ եւ հայրենի յայտնի գրողներու գործերուն նուիրուած, առանց գրական քննադատի յաւակնութիւններու, միշտ պահելով խոնարհութիւնս: Իբրեւ անձ մը, որ երիտասարդ տարիքէն, տասնամեակներ ամբողջ Ափրիկէի խորերը մարդակերներու հետ սեղան նստած է, գրախօսականներուս պարագային ալ կրցած եմ պահել գրողի արժանապատուութիւնս, չափն ու կշիռը, առանց գործի դնելու անտառէն ինծի ժառանգ մնացած «գիշատիչի ախորժակս» կամ «հակումներս», ինչպիսին, անխնայ կերպով անձիս դէմ գործադրուեցաւ վերը յիշատակուած վիժածներու կողմէ։
Հայերս ծանօթ ենք կրքոտ ու խանդոտ մեր խառնուածքով ու յատկութեամբ: Տարիներով օտարութեան մէջ ապրած ու ամէն ցեղի ու գոյնի մարդոց հետ շփուած ըլլալուս պարագան, ինծի հարկ եղած փորձառութիւնը շնորհած է կարծեմ, այս հարցի շուրջ նման հաստատումներ կատարելով ճշգրիտ եզրակացութիւններու հանգելու:
Պէտք է ազգովին ճգնինք, աշխատի՛նք մեր վրայէն թօթափել իրարատեացութիւնն ու մեր արժանաւորներու հանդէպ կրքոտ վերաբերմունք ցոյց տալու ախտը: Կարգ մը գրողներու եւ անոնց աշխատակցած թերթերու խմբագիրներուն ստորին, օտարոտի պահուածքը, անհաւատալի կու գայ խելքը գլուխը, հայրենասէր ընթերցողին ու գրող-մտաւորականին…
Անձնական բնոյթ չտալու համար գրութեանս, խուսափեցայ խաւարի ասպետներուն անունները յիշատակելէ: Պատմութիւնը եւ ամէնակարող ժամանակը արդէն անոնց հաշիւը կը տեսնէ եւ զանոնք կը շպրտէ, հոն ուր կը պատկանին՝ մոռացութեան գիրկը…
Այս երանելիներու կողքին կը գործէ նաեւ երկերես կեղծաւորներու շողշողուն խմբակ մը, որ երեսիդ կը խնդայ, «Դուն ես, դուն ես» շողոմելով, ապա հազիւ կռնակդ դարձնես, կը փորձէ քեզ կռնակէդ դաշունահարել մաֆիոզի անխղճութեամբ:
Զգո՜յշ ըլլանք, այս վերջինները՝ միւսներուն չափ վտանգաւոր են…
Մեզի կը մնայ չյուսահատիլ ու բոլորուիլ մաքուր հոգիով, որակաւոր, իրաւ տաղանդներու շուրջ եւ անոնց բարոյական ուժով ու երկնած վաւերական գրականութեամբ սնանիլ: Վերջին հաշուով անոնց պիտի վստահուի հայ գրականութեան առաջնորդի դերը, ինչպէս նաեւ առաջնորդողի ցուպը:
Ուրիշ ելք չունինք…
Ռիչմոնտ, Վըրճինիա