ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Կիրակի 17 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ մայրաքաղաքի աւագանիի ընտրութիւնը, ուր կը ճշդուի նաեւ Երեւանի քաղաքապետը՝ յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար։ Երեւանի աւագանին կը բաղկանայ 65 անդամներէ։
Նախորդ ընտրութիւններուն, որոնք կայացած էին 2018ին, անցած էին ՔՊի բացարձակ յաղթանակով (շուրջ 80 առ հարիւր)։ ՔՊի տարած այս յաղթանակին մէջ իր դերը ունեցած էր թաւշեայ յեղափոխութեան առթած մթնոլորտը։ Քաղաքապետ ընտրուած էր Հայկ Մարութեան։ Ան, տարակարծութիւններ ունենալով իշխող վարչախումբին հետ, 2021ի Դեկտեմբերին հրաժարեցաւ եւ անոր փոխարինեց Հրաչեայ Սարգսեան, որ նոյնպէս հրաժարելով, քաղաքապետի լիազօրութիւնները փոխանցուեցաւ փոխքաղաքապետ Տիգրան Աւինեանին, որ այս ընտրութիւններուն ՔՊի թեկնածուն է՛
Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն կրնան քուէարկել բոլոր անոնք, որոնք արձանագրուած են Երեւան քաղաքին մէջ, անկախ իրենց քաղաքացիութենէն։ Ընտրութիւններու անցողիկ շեմը կուսակցութիւններուն համար 5 առ հարիւր է, իսկ դաշինքներուն՝ 7 առ հարիւր։ Սեպտեմբեր 17ին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն կը մասնակցին 14 կուսակցութիւններ եւ դաշինքներ։
Ճիշդ է որ այս ընտրութիւնները տեղական են եւ սկզբունքով քաղաքական բնոյթ չունին, սակայն ակներեւ է որ արդէն իսկ քաղաքական յստակ պայքար կայ տարբեր ուժերու միջեւ։
Առաջին հերթին, պէտք է արձանագրել որ ՔՊն Երեւանի մէջ չունի նախկին հմայքը։ 2021ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն խորհրդարանական ներկայ ընդդիմութիւնը աւելի ձայներ հաւաքեց Երեւանի մէջ քան ՔՊն։ Եւ եթէ նկատի ունենանք, որ այդ թուականէն ասդին ՔՊի վարկանիշը, ի դէմս Նիկոլ Փաշինեանի վարած արտաքին քաղաքականութեան (մասնաւորաբար Արցախի հարցով), աւելի անկում արձանագրած է, կը թուի թէ ՔՊն կրնայ բացարձակ մեծամասնութիւն չհաւաքել։ ՔՊին մտահոգող երկու քաղաքական ուժերը՝ նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանն է եւ «Ապրելու Երկիր» կուսակցութիւնը, որուն քաղաքապետի թեկնածուն Մանէ Թանդիլեանն է։ Նշենք որ վերոնշեալ երկուքն ալ նախկին ՔՊական են եւ 2018ի թաւշեայ յեղափոխութեան գործօն անդամներէն։ Այս երկու թեկնածուները ամէնէն աւելի կը մտահոգեն ՔՊն եւ այդ պատճառով ալ վերջին շրջանին, բացայայտ կերպով, մասնաւորաբար ընկերային ցանցերու վրայ հակաքարոզչութիւն կը տարուի վերոնշեալներուն դէմ։ Անկախ քաղաքական եւ վարչա-կառավարման անոնց ուղեգիծէն եւ ծրագիրներէն, շատ ակնյայտօրէն թիրախաւորուած են անոնց անձնական կեանքը։ Օրինակ, կը ծանուցուի անոնց զաւակներուն Հայաստանէն դուրս ապրելու իրողութիւնը։ Այստեղ ժողովրդավարութեան եւ ընտրութեան տրամաբանութեան հակասութիւնը ակնյայտ է։ Երբ ոչ Հայաստանի քաղաքացին կրնայ մասնակցիլ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն, ինչպէս կարելի է թիրախաւորել թեկնածուի մը ընտանիքի անդամներու կեցութեան վայրը։
«Մայր Հայաստան» դաշինքը կը գլխաւորէ «Հայաստան» դաշինքի երեսփոխան Անդրանիկ Թեւանեան, որ բնականաբար կը վայելէ դաշինքի ուժերուն աջակցութիւնը։ Այս դաշինքը ամբողջութեամբ քաղաքականացուցած է այս ընտրութիւնները եւ յաղթելու պարագային կը խոստանայ երկիրին մէջ իշխանափոխութիւն կատարել։ Ճիշդ է որ 2021ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն «Հայաստան» Երեւանի մէջ աւելի ձայն հաւաքած էր քան ՔՊն, սակայն ներկայիս անոր վարկանիշը ահագին անկում կրած է։
Ներկայացող կուսակցութիւններուն մէջէն Հանրապետութիւն կուսակցութիւնը, իբրեւ արեւմտամէտ, կրնայ որոշ տոկոս հաւաքել։ Դժբախտաբար արեւմտամէտ ուժերը մէկ եւ միասնական ճակատով չկրցան ներկայանալ եւ ընտրողներու քուէները պիտի «կորսուին» անոնց միջեւ։ Հանրապետութիւն կուսակցութիւնը անցողիկ շեմը ապահովելու պարագային կը նկատուի ՔՊի հաւանական գործակիցը։ Անոր քաղաքապետի թեկնածուն նախկին նախարար Արտալ Զէյնալեանն է։
Ընդդիմադիր ուժերը արդէն իսկ ահազանգ կը հնչեցնեն թէ իշխող ուժը վարչական լծակներ կը գործածէ առաւելագոյն քուէները ապահովելու համար։ Այս ահազանգին մէջ կայ ճշմարտութիւն։ Տակաւին ամիսներ առաջ, քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանի օրերուն իսկ, հանրային հեռատեսիլը (Հ1), լուրերու հաղորդումներու ընթացքին, աւելի շատ տեղ կը յատկացնէր փոխքաղաքապետ Տիգրան Աւինեանի ընթացիկ գործունէութեան, քան երկիրի կառավարութեան կամ վարչապետին։ Սա պետական լծակները շահագործելու ոչ -ժողովրդավար միջոց է։
Երեւանը գերխճողուած քաղաք է։ Անիկա ունի բազմապիսի հարցեր, ինչպէս՝ երթեւեկութեան, հանրային փոխադրամիջոցներու, կանաչապատման, վարչական բոլոր շրջաններու միջեւ անհամաչափ զարգացման եւայլն։ Այս ընտրութիւններով, մասնակցող քաղաքական բոլոր ուժերն ալ նոյնանման խոստումներ կու տան ժողովուրդին՝ աւելի բարեկարգ, հանգստաւէտ եւ գեղեցիկ Երեւան մը ունենալու։
Բայց։
Ըստ էութեան, որքան ալ որ ՔՊն կը խուսափի այս ընտրութիւնները քաղաքականացնելէ, փաստը այն է, որ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները առաջին հերթին քաղաքական են։ Այս ընտրութիւնները նախերգանքը պիտի ըլլան յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն։ Ինչպէս նաեւ, ներկայիս Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ Արցախի խնդիրը անպայմանօրէն իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ։ Այս իմաստով, Արցախի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած «իշխանափոխութիւնը» եւ ռուսական կողմնորոշումը կրնան երեւանցիներէն շատերուն մղել քուէարկելու ՔՊին, որպէս Հայաստանի անկախութեան եւ պետականութեան պահպանման քայլ։ Ի վերջոյ մայրաքաղաքը (որուն բնակչութիւնը երկիրի բնակչութեան առնուազն մէկ երրորդը կը կազմէ), որոշիչ դերակատարութիւն ունի Հայաստանի դիմագիծի պահպանման մէջ։
Այս իմաստով ալ Սեպտեմբեր 17ի ընտրութիւնները անկիւնադարձային կրնան ըլլալ։