11 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քանաանի յայտարարեց, թէ Իրան անփոփոխ եւ պարզ կեցուածք ունի Արցախի իրավիճակին վերաբերեալ՝ շեշտելով. «Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ»։
Ան աւելցուց՝ ըսելով. «Իրանի դիրքորոշումը քանի մը անգամ յստակօրէն յայտարարուած է Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ եւ գաղտնիք չէ, որ վերջինս մաս կը կազմէ Ատրպէյճանին եւ թէ անոր բնակիչներուն իրաւունքները եւ ապահովութիւնը պէտք է սահմանուին յստակ շրջանակի մէջ»։
Կրկնելով պետութիւններու հողային ամբողջականութիւնը յարգելու եւ հակամարտութիւններէ խուսափելու Իրանի կոչը՝ Քանաանի յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վէճերու լուծման եւ խաղաղութեան ու ապահովութեան հասնելու համար, երկու երկիրներու կողմէ իրարու հողային ամբողջականութեան ճանչումը կարեւոր քայլ մըն է:
«ՊԱՔՈՒ ՄՏԱԴԻՐ ՉԷ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ»
Ըստ «Իրնա»ի, Քանաանի նաեւ պնդեց, որ Իրանի սահմանները ապահով են, եւ երկիրը կը շարունակէ ուշադիր հետեւիլ Կովկասի մէջ զարգացումներուն:
«Մենք կապի մէջ ենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ. Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են Ատրպէյճանի կողմէ նոր զինուորական տագնապի կարելիութեան վերաբերեալ: Սակայն Պաքուի իշխանութիւնները մեզի հաղորդագրութիւն ուղարկած են, ըստ որուն բովանդակութեան, իրենք մտադիր չեն զինուորական յարձակումներ կատարելու, իսկ զօրքերու վերջին տեղաշարժները աւանդական զինուորական գործողութիւններ են, որոնք կը կատարուին ձմրան շեմին, որովհետեւ տեղաշարժը լեռնային տարածքներով կը դառնայ դժուար eւ խճճուած», ըսաւ Քանաանի: