Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան հայաստանցի իր պաշտօնակիցին՝ Արարատ Միրզոյեանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Թեհրան իր անթաքոյց դժգոհութիւնը կը յայտնէ 11 Սեպտեմբերին, Հայաստանի մէջ մեկնարկած Հայաստան-Ամերիկա միացեալ զօրավարժութիւններուն գծով: Այս մասին կը նշուի Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
«Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ կատարուող միացեալ զօրավարժութիւններուն՝ Ապտոլլահեան յայտնեց, որ տարածաշրջանին մէջ օտար ուժերու որեւէ ներկայութիւն կրնայ աւելի բարդացնել իրավիճակը: Ան Արարատ Միրզոյեանին ըսաւ, որ յարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար պէտք է կեդրոնանալ տարակարծութիւններու հիմնարար պատճառներու վերացման վրայ: Համապարփակ խաղաղութեան հասնելու ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւը տարածաշրջանային բանակցութիւնները եւ գործիքակազմերն են, որոնց կարգին՝ 3+3 ձեւաչափը», յայտնեց Ապտոլլահեան:
Ուշագրաւ է, որ Միրզոյան- Ապտոլլահեան հեռաձայնային զրոյցին մասին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ, Հայաստան-Ամերիկա զօրավարժութիւններուն մասին որեւէ յիշատակում չկայ:
«Անդրադառնալով տարածաշրջանում վերջին զարգացումներին՝ նախարար Միրզոյեանը նշել է գործընկերների՝ Հայաստանի հետ սահմանին իրավիճակի սրումը զսպելուն ուղղուած ջանքերի եւ ուղերձների, Ադրբեջանին կառուցողական դաշտ վերադարձնելու կարեւորութիւնը: Տարածաշրջանում երկարատեւ կայունութեան հասնելու համատեքստում ընդգծուել է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքների եւ անվտանգութեան հարցերի հասցէագրման անհրաժեշտութիւնը», կ՛ըսուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: