ԻՍՐԱՅԷԼԷՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՈՍՔԸ Կ՛ԱՃԻ
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Չորեքշաբթի օր, Ատրպէյճանի մէջ սկսած ընդարձակ ռազմափորձերուն ընթացքին, ատրպէյճանական ուժերը փորձարկեցին իսրայէլեան արտադրութեամբ «Պարաք 8» արդիական հրթիռային համակարգերը։
Իր տեղեկութիւնները Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութենէն քաղած թերթը կ՛աւելցնէ, թէ Ատրպէյճան վերջին երկու տասնամեակներուն Իսրայէլէն գնած է միլիառաւոր տոլարներ արժող արդիական յատկանշական զէնքեր, որոնց փոխարէն Պաքու Իսրայէլին արտօնութիւն տուած է իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան՝ «Մոսատ»ին, որ Ատրպէյճանի մէջ Իրանի հիւլէական գործունէութեան դիրքերը լրտեսէ ։ Կը հաղորդուի նաեւ, թէ իսրայէլացի գաղտնի գործակալներ Իրանի հիւլէական ծրագիրին մասին գաղտնիքներ Ատրպէյճանի ճամբով կրցած էին Իսրայէլ հասցնել։ Ատրպէյճան նաեւ ուժանիւթ կը հայթայթէ Իսրայէլին։
Ատրպէյճանական աղբիւրներ կը պնդեն, թէ 44օրեայ պատերազմին ընթացքին, ատրպէյճանական բանակը «Պարաք» հրթիռով կրցած է զգետնել ռուսական «Իսքանգտար» հրթիռ մը, սակայն այդ տեղեկութիւնը չէ հաստատուած։
«Հաարեց» օրաթերթը այս տարուան Մարտին հրապարակած էր հետաքննութիւն մը, ըստ որուն, ատրպէյճանական բեռնատար օդանաւերը 2016էն 2023 միջեւ առնուազն 92 անգամ էջք կատարած են Իսրայէլի «Օվտա» ռազմակայանը: Այս տուեալը ուշագրաւ է, որովհետեւ «Օվտա»ն, ըստ «Հաարեց»ի, Իսրայէլի մէջ միակ օդակայանն է, որուն միջոցով օդային ճամբով պայթուցիկներ կը ներածուին Իսրայէլ կամ կ՛արտածուին այնտեղէն:
«Հաարեց»ը կ՛աւելցնէ, թէ Մարտ ամիսէն ի վեր, ատրպէյճանական բեռնատար օդանաւեր նշեալ օդակայանը այցելած են 11 անգամ, որոնցմէ 5ը կատարուած է վերջին երկու շաբաթներուն։