
20 Սեպտեմբերին, Արցախի իշխանութիւնները ընդունեցին զինադադարի հաստատման վերաբերեալ ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող զօրակազմի հրամանատարութեան առաջարկը:
Ռուս խաղաղապահներուն միջնորդութեամբ համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ 19 Սեպտեմբերին սկսած ատրպէյճանական ռազմական գործողութիւնը դադրեցնել 20 Սեպտեմբերին՝ կէսօրուան ժամը 1ին:
Կողմերը համաձայնեցան «Հայաստանի զինուած ուժերու մնացած ստորաբաժանումներուն եւ զինուորներու» դուրս բերելուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի զինուած կազմաւորումներու լուծարման ու ամբողջական զինաթափման, Լեռնային Ղարաբաղէն ծանր զինատեսակներու եւ սպառազինութիւններու դուրս բերելուն մասին՝ «անոնց շուտափոյթ յանձնման եւ վերացման (ուտիլիզացման) նպատակով»:
Ատրպէյճանի բարձրացուցած հարցերը՝ վերահամարկման, Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ ապահովութեան երաշխաւորման, ինչպէս նաեւ բնակչութեան կենսագործունէութեան ապահովման մասին՝ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան ծիրին մէջ, պիտի քննարկուին տեղւոյն հայ բնակչութեան եւ Ատրպէյճանի կեդրոնական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպման ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ 21 Սեպտեմբերին, Եւլախ քաղաքին մէջ:
Նախքան այս որոշումը տալը, Արցախի նախագահը հրաւիրեց Անվտանագութեան խորհուրդի նիստի մը, որուն մասնակցեցան քաղաքական բոլոր ուժերը եւ նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան:
Նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան, նախքան որոշումը հրապարակելը՝ ըսաւ, թէ Արցախը հարկադրուած պիտի ըլլայ դիմելու համապատասխան քայլերու՝ գերնպատակ ունենալով առաջնահերթօրէն երաշխաւորել բնակչութեան ֆիզիքական ապահովութիւնը:
Արցախի իշխանութիւնները իրենց այս որոշումը բացատրեցին ստեղծուած ծանր իրավիճակով՝ ընդգծելով, որ Ատրպէյճան, անցնելով լայնածաւալ յարձակման, նպատակ ունի մասնատել Արցախը եւ անդառնալիօրէն վնասել անոր կենսունակութիւնը:

«Սեպտեմբերի 19ից Ադրբեջանի Հանրապետութիւնը հռթիրահրետանային եւ աւիացիոն զանգուածային հարուածներ հասցնելուն զուգընթաց անցել է լայնածաւալ յարձակման Արցախի Հանրապետութեան հետ շփման գծի ողջ երկայնքով: Երկու օր տեւած յամառ մարտերի ընթացքում Արցախի զինուած ուժերի ստորաբաժանումները հերոսաբար պաշտպանւում են կենդանի ուժով եւ զինտեխնիկայով մի քանի անգամ գերազանցող թշնամուց՝ պատճառելով նրան մեծագոյն կորուստներ: Դժբախտաբար, կորուստներ եւ վիրաւորներ ունի նաեւ արցախեան կողմը, իսկ որոշ հատուածներում թշնամուն յաջողուել է մխրճուել ՊԲ մարտական դիրքեր, տիրանալ մի շարք բարձունքների եւ ռազմավարական ճանապարհային հանգոյցների: Ստեղծուած իրադրութիւնում անբաւարար են միջազգային հանրութեան գործողութիւնները՝ պատերազմի դադարեցման եւ իրավիճակի հանգուցալուծման ուղղութեամբ: Հաշուի առնելով այս ամէնը՝ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններն ընդունում են ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող զօրակազմի հրամանատարութեան առաջարկութիւնը կրակի դադարեցման վերաբերեալ», կ՛ըսուի Արցախի իշխանութիւններուն տարածած յայտարարութեան մէջ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտնեց, որ, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան միջնորդութեամբ, ատրպէյճանական կողմի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ զինուորական գործողութիւններու ամբողջական դադրեցման վերաբերեալ: «Այդ համաձայնութիւնները պիտի գործադրուին ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան հետ համաձայնեցուած», նշեց նախարարութիւնը:
Ատրպէյճանական «Էյ,Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութիւնը եւս հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութիւնը զօրքերուն ցուցմունքներ տուած է «հակաահաբեկչական քայլերու դադրեցման վերաբերեալ»: Այս մասին յայտարարեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Անար Էյվազով:
Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ՝ արտասահմանեան երկիրներու դիւանագէտներու եւ լրագրողներու համար կազմակերպուած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ատրպէյճան երաշխիքներ ստացաւ, որ «Ղարաբաղի մէջ հայկական զինուած ուժերը տարածաշրջանին մէջ պիտի զինաթափին, հեռանան իրենց դիրքերէն, ամբողջ ռազմամթերքը պիտի տեղափոխուի Ատրպէյճան, ծանր սարքերը պիտի փոխանցուի ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հետ համակարգումով»:
ԵՐԵՒԱՆ ԲՆԱԳԻՐԻ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՉԷ
Այս համաձայնութեան մասին խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ դիտել տալով, որ պաշտօնական Երեւան ծանօթացաւ կրակի դադրեցման վերաբերող ռուսական զօրախումբի առաջարկին, սակայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը որեւէ կերպով չէ մասնակցած բնագիրի ձեւաւորման եւ քննարկումներուն կողմ չէ եղած:
Փաշինեան կատարեց քանի մը մատնանշումներ. ան նախ նշեց, որ բնագիրին մէջ կը յիշատակուին Հայաստանի զինուած ուժերը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Հայաստանի զինուած ուժերուն մնացած ստորաբաժանումները, սակայն, ասիկա իրեն համար այնքան ալ հասկնալի չէ, որովհետեւ Օգոստոս 2021էն ի վեր, Հայաստան բանակ չունի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: «Մենք այս յայտարարութիւնը եւ ԼՂ իշխանութիւնների կողմից դրա ընդունումն ընդունում ենք ի գիտութիւն», ըսաւ ան:
Ընդգծելով, որ Հայաստանի հետ ըստ էութեան կապ չունեցող բնագիրին մէջ յիշատակուեցաւ Հայաստանի անունը՝ Փաշինեան ըսաւ, որ անիկա կ՛արդարացնէ օր մը առաջ կատարած իր գնահատականը, որ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յարձակման նպատակներէն մէկը Հայաստանը ռազմական գործողութիւններու մէջ ներգրաւելն է: «Եթէ հնարաւոր լինէր Հայաստանի Հանրապետութեանը ներքաշել ռազմական գործողութիւնների մէջ, դրա խորքային թիրախը պէտք է լինէր ՀՀ անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը», յայտարարեց Փաշինեան:
Անդրադառնալով Արցախի հայութեան ապահովութեան հարցին՝ Փաշինեան նկատել տուաւ, որ եթէ խաղաղապահները նման առաջարկ ներկայացուցած են, այդ կը նշանակէ, որ անոնք ամբողջութեամբ եւ առանց վերապահութեան ընդունեցին Արցախի հայութեան ապահովութեան երաշխաւորման ամբողջական պարտաւորութիւնը:
Ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ խաղաղապահները կը կատարեն իրենց պարտականութիւնները՝ յիշեցնելով, որ «Հայաստանն այդ հարցում նախկինում վերապահումներ է ունեցել»:
«Հիմա ամենակարեւոր հարցը հետեւեալն է՝ որ ԼՂ հայերի՝ իրենց տներում ապրելու իրաւունքը լիարժէք կերպով ապահովուի ՌԴ կողմից», եզրափակեց Փաշինեան: