21 Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի Եւլախ քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցան Պաքուի եւ Ստեփանակերտի ներկայացուցիչները, որոնց միջեւ բանակցութիւնները տեւեցին քանի մը ժամ։
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ Եւլախի մէջ բանակցութիւնները վարեց պատգամաւոր Ռամին Մամետով, որ այս տարուան Մարտին Իլհամ Ալիեւի կողմէ նշանակուեցաւ Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերուն հետ շփումներու պատասխանատու:
Ատրպէյճանական պատուիրակութեան կազմին մէջ էր նաեւ Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչի տեղակալ Պաշիր Հաճիեւ եւ յատուկ առաքելութեան աշխատակից Իլքին Սուլթանով:
Միջազգային լրատուամիջոցներու բացակայութեան տեղի ունեցած հանդիպումին մասին տեղեկացուց ԱՊԱ կայանը՝ նշելով, որ ղարաբաղեան կողմը կը ներկայացնէր Սերգէյ Մարտիրոսեան (ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին հետ համագործակցութեան ապահովման կեդրոնի տնօրէն) եւ Դաւիթ Մելքումեան (Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի անդամ):
Աւելի ուշ, Արցախի տեղեկատուական շտապը ներկայացուց Ստեփանակերտի դիրքորոշումը այս հանդիպման մասին՝ յայտնելով. «Սեպտեմբերի 21ին ռուսական միջնորդութեամբ Եւլախ քաղաքում տեղի է ունեցել Ադրբեջանի եւ Արցախի ներկայացուցիչների միջեւ հանդիպում: Գործնական մթնոլորտում անցած հանդիպման ընթացքում քննարկուել են երկուստեք կարեւորութիւն ունեցող մի շարք հարցեր: Կողմերը յատուկ ընդգծել են, որ առկայ բոլոր հարցերն անհրաժեշտ է քննարկել խաղաղ մթնոլորտում` հանդիպումները շարունակելու պատրաստակամութեամբ»:
Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց նաեւ Ատրպէյճանի նախագահականը, որ հանդիպումը դրական որակեց` նշելով, որ անիկա ընթացաւ կառուցողական մթնոլորտի մը մէջ:
«Քննարկումներ ծաւալեցան ենթակառուցուածքներու վերականգնման, Ղարաբաղի հայ բնակչութեան վերահամարկման եւ Ատրպէյճանի սահմանադրութեան եւ օրէնքներու հիման վրայ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան գործունէութեան կազմակերպման վերաբերեալ», նշուեցաւ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։
Ըստ Պաքուի` բաւարարուեցաւ Ղարաբաղի հայերու խնդրանքը` մարդասիրական օգնութիւն` պարէնային ապրանքներու եւ վառելիքի:
Ընդգծուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի «հակաահաբեկչական միջոցառումներու» կասեցման վերաբերեալ 20 Սեպտեմբերի յայտարարութեան դրոյթներու արագ իրականացման կարեւորութիւնը:
Կողմերը համաձայնեցան հանդիպումները շարունակել։