Ե.
Գ.- ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ
Դ.- «ՈՎ ՄԵԾԱՍՔԱՆՉ ԴՈՒ ԼԵԶՈՒ»…
1.- ՄՈՒՏՔ
Բացարձակ եւ անվիճելի իրողութիւն է այն, որ հայերէնը հայ ժողովուրդի ամենահին, ամենաթանկագին, անփոխարինելի եւ անկրկնելի գանձն ու հարստութիւնն է: Չունինք անոր համազօրը:
Հայոց լեզուի նախահայրն ու նախամայրը կը հանդիսանայ հնդեւրոպական նախալեզուն, որուն արգանդէն տարերային եւ օրինաչափական գործընթացով մը լոյս աշխարհ եկած է ան:
Հայոց լեզուն, իր կարգին, ծնունդ տուած է հայ ժողովուրդին, որուն ծնողն ու ծննդակիցն է ան միաժամանակ:
Այս գիտակցութեամբ՝ ոչ մէկ ուրիշ ժողովուրդ այնքան գովերգած ու փառաբանած է իր ազգային լեզուն, որքան՝ հայ քերթողներն ու գրողները:
Գնահատելի իրողութիւն մը՝ գեղարուեստական մակարդակի վրայ:
Ուսումնական-մանկավարժական մակարդակներու վրայ, սակայն, նոյնքան ուրախալի չէ պատկերը. հակառակ անոր որ հայոց լեզուն ոչ միայն հայ ժողովուրդին գոյութեան փաստն է, այլեւ անոր էութեան պատճառն է. հակառակ անոր, նաեւ, որ մնայուն կերպով կը խօսինք մեր լեզուի գեղեցկութեան, առաւելութիւններուն եւ կատարելութեան մասին՝ առանց սակայն հիմնաւորելու:
Մեր ազգային վարժարաններու հայագիտական ծրագիրները կ՚ընդգրկեն ամէն տեսակ «պատմութիւն»՝ բացի հայոց լեզուի պատմութենէն. հայոց պատմութիւն, հայ մատենագրութեան պատմութիւն, հայ գրականութեան պատմութիւն, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, հայ գիրերու ստեղծման պատմութիւն, հազուադէպ պարագաներուն՝ հայ մշակոյթի պատմութիւն… եւ այլն:
Կրնա՞յ ըլլալ, որ այդ բոլորը առանձին դասանիւթերու կարգավիճակ ստացած ըլլան եւ անոնց գոյութեան սկզբնաղբիւրն ու սկզբնապատճառը հանդիսացող հայոց լեզուի պատմութեան ոչ իսկ գլուխ մը յատկացուի այդ ընդհանրական ծրագիրին մէջ:
Տարօրինակ չէ՞ այս հակասական երեւոյթը:
Այս ի՛նչ անարդարութիւն:
Այս ի՛նչ ապերախտութիւն հայ լեզուին հանդէպ:
Ո՞ւր եւ ե՞րբ հայ աշակերտը առիթ պիտի ունենայ գոնէ ամփոփ կենսագրական մը կարդալու իր մայրենի լեզուի մասին եւ քիչ մը մօտէն ծանօթանալու անոր այլազան երեսներուն:
«Հայ լեզուի տարի»ն յարմարագոյն առիթն է այդ անարդարութիւնը անյապաղ սրբագրելու եւ պատշաճ գլուխ մը յատկացնելու հայ լեզուի պատմութեան եւ անոր յարակից բաժիններուն:
Հայոց լեզուի հինգհազարամեայ կենսագրութիւնը հարուստ է հրաշապատում հեքիաթներով, հերոսական անթիւ իրագործումներով, զարմանահրաշ դէպքերով եւ արկածախնդրական անհամար դրուագներով:
Հինգհազարամեայ բազմավաստակ կեանք մը, որ նոյնքան աշխուժ ու կենսունակ է այսօր, որքան՝ իր երիտասարդութեան օրերուն:
Անոր ծոցէն մնայուն եւ անընդհատ կերպով ծնունդ առած են ու կը շարունակեն առնել հին եւ նորանոր ու չքնաղ իրագործումներ. ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ՝ մեր օրերուն. օրինակ՝ Գողթան երգիչներու հեթանոսական պատառիկներ, որոնցմէ «Վահագնի ծնունդը» մասնաւորաբար «եզակի երկունք» է նոյնիսկ համաշխարհային բանահիւսութեան տարեգրութեանց մէջ, քրիստոնէական դարաշրջանի առաջին, մեծագոյն, չքնաղ եւ անզուգական թագուհին հայոց («Աստուածաշուն»չ), «Եղծ աղանդոց» (Եզնիկ), «Վասն Վարդանայ եւ հայոց պատերազմին» (Եղիշէ), «Պատմութիւն հայոց մեծաց» (Մովսէս Խորենացի), Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայ, աստուածահաճոյ, հոգեզմայլ եւ հոգեպարար շարականներ՝ գեղարուեստական աննման գոհարներ, որոնք համաքրիստոնէական գրականութեան ու երաժշտութեան պատմութեան մէջ եզակի տեղ կը գրաւեն, «Սասնայ ծռեր» ժողովրդական դիւցազնավէպը, ԺԲ.-ԺԳ. դարերուն իրենց զարգացման բարձրակէտին հասած միջնադարեան հայ ժողովրդական երգեր, զորս մինչեւ այսօր կ՚ունկնդրենք ու կ՚երգենք մասնաւորաբար անմահանուն Կոմիտասի մշակումներով, «Մատեան ողբերգութեան» (Գրիգոր Նարեկացի) համաքրիստոնէական գլուխ-գործոցներէն մէկը եւս, Ներսէս Շնորհալի՝ դարձեալ համաքրիստոնէական մեծագոյն երաժիշտ-շարականագիրներէն, թերեւս մեծագոյնը՝ թէ՛ քանակով եւ թէ որակով, միջնադարեան տաղասացներու աշխարհիկ երգերն ու անոնց թարմաշունչ արուեստը, համաշխարհային աշուղական արուեստի գագաթներէն Սայեաթ Նովա, «Հայաստանի վէրքի երգի»չ Խաչատուր Աբովեան («Վէրք Հայաստանի»), «Պէպօ» (Գաբրիէլ Սունդուկեան), «Հին աստուածներ» (Լեւոն Շանթ), «Խենթը», «Կայծեր» եւ «Սամուէլ» (Րաֆֆի), «Անուշ» եւ «Գիքոր» (Յովհաննէս Թումանեան), «Գիրք ճանապարհի» (Եղիշէ Չարենց), «Անլռելի զանգակատուն» (Պարոյր Սեւակ), «Նոր Հայկազեան բառարան» («Երից վարդապետաց»), «Արմատական բառարան» (Հրաչեայ Աճառեան), «Բացատրական բառարան» (Ստեփանոս Մալխասեան), «Լիակատար քերականութիւն հայոց լեզուի համեմատութեամբ 562 լեզուների» (Աճառեան) եւ այլ անթիւ ու անհամար «ծնունդներ» տարբեր մարզերու եւ բնագաւառներու պատկանող՝ առանց յիշելու մեր գրական զանազան դպրոցներու միւս «մեծերն» ու «մեծագոյնները». ինչպէս՝ Պարոնեան, Դուրեան, Մեծարենց, Սիամանթօ, Վարուժան, Թէքէեան եւ այլն:
Այս հրաշապատում-հերոսապատումը մեր ազգային հպարտութիւնը չէ՞ միթէ:
Այս բոլորին ծնունդ տուող եւ այդ բոլորին երկունքը կարելի դարձնող գերազանց եւ անփոխարինելի միջոցը՝ մեր հիասքանչ մայրենին արժանի չէ՞ յատուկ եւ յաւելեալ ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի:
Կարելի՞ է հայոց լեզուի այս փառաւոր եւ հպարտառիթ պատմութիւնը արժանավայել ձեւով չփոխանցել մեր նոր սերունդին:
Իսկապէս անհասկնալի է «հայոց լեզուի պատմութիւն» դասանիւթին անտեսումն ու չգոյութիւնը մեր ուսումնական ծրագիրներուն եւ դասագիրքերուն մէջ:
2.- ՀԱՅՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵԶՈՒԻ ԱՄՓՈՓ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ (ՈՒՂԵՑՈՅՑ)
Ինչպէս մշակութային որեւէ երեւոյթ, լեզուի պատմութիւնը եւս սերտօրէն կապուած է ժողովուրդներու եւ ընկերութիւններու զարգացման օրինաչափական գործընթացին եւ օրէնքներուն:
Կեանքի մէջ գոյութիւն չունին մեկուսի եւ անկախ երեւոյթներ. ո՛չ անհատական, ո՛չ հաւաքական եւ ոչ ալ տարերային մակարդակներու վրայ: Ամէն ինչ փոխադարձ հակազդեցութեամբ է, որ յառաջ կ՚ընթանայ, կը զարգանայ, կը ձեւաւորուի եւ կը կերպարանափոխուի: Նոյնն է նաեւ լեզուի պարագային: Այս անխախտ օրինաչափութեամբ է, որ հայոց լեզուն, անջատուելէ ետք հնդեւրոպական նախալեզուէն, իր ինքնուրոյն եւ սեփական ճամբով է, որ կ՚ընթանայ. ան տեւաբար շփման մէջ մտնելով դրացի լեզուներուն ու ժողովուրդներուն հետ՝ ժամանակի ընթացքին կը ճոխանայ ու կը հարստանայ նաեւ անոնց նուաճումներով ու ներդրումներով, եւ փոխադարձ ու մնայուն ազդեցութեանց կարգով նոր մակարդակներ կը նուաճէ՝ հասնելով մինչեւ մեր օրերը: Ան այսօր մեզի կը ներկայանայ քերականական իր կուռ կառուցուածքով, հարուստ բառապաշարով եւ առաւել բիւրեղացած դիմագիծով, որուն շնորհիւ ան կը զատորոշուի միւսներէն ու կ՚արժանանայ մեր եւ օտար մասնագէտներու հիացմունքին եւ կը դառնայ մեր հպարտութեան առարկան: Մեր «մեծասքան»չ լեզուին այդ բիւրեղացած ու պայծառացած դիմագիծով է նաեւ, որ կը պայմանաւորուին ու կը շեշտուին հայ ժողովուրդի անհատականութիւնը, ազգային նկարագիրն ու յատկանիշները՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ իւրայատուկ լեզուամտածողութեան ընդմէջէն, անոնց ճամբով եւ անոնց զուգահեռ:
– Նախամաշտոցեան շրջան
Պատմահամեմատական լեզուաբանութեան ընձեռած նորագոյն տուեալներուն վրայ հիմնուելով՝ հայոց լեզուի ծնունդը կը տեղադրուի Ն. Ք. շուրջ 3500-3000 թուականներուն միջեւ՝ հնդեւրոպացի ծնողներէ եւ իր հնդեւրոպական նախահայրենիքին, այսինքն՝ իր բնօրրանը հանդիսացող Հայկական լեռնաշարհին մէջ: Հայոց լեզուն եւ հայ ժողովուրդը հնդեւրոպական լեզուներէն ու ժողովուրդներէն միակն են, որոնք երկրէ երկիր թափառելով իրենց համար «նոր հայրենիք» մը չեն փնտռած, ինչպէս ոմանք յամառօրէն եւ ի զուր կը փորձեն հաւատացնել. անոնք իրենց «մայր հայրենիք»ի բնական ծնունդն են՝ ի սկզբանէ իրենց բնօրրանին մէջ խոր արմատներ նետած. անոնք ո՛չ «եկուոր» են, ո՛չ ալ «գաղթական». այլ՝ պարզապէս «տեղաբնիկ»։
Հայոց լեզուի եւ հայ ժողովուրդի հինգհազարամեայ կենսագրութեան մէջ անկիւնադարձային հանգրուան մը կը հանդիսանայ 405 թուականը՝ մեսրոպեան գիրերու ստեղծման մօտաւոր եւ որոշ չափով պաշտօնականացած թուականը: Այդ կարեւորագոյն թուականը իբրեւ մեկնակէտ առնելով՝ հայոց լեզուի պատմութիւնը կարելի է բաժնել երկու մեծ դարաշրջաններու. ա.- Նախամեսրոպեան դարաշրջան, բ.- Յետմեսրոպեան դարաշրջան: Կը հրաժարինք նախագրային-յետգրային անուանումներէն, որովհետեւ տուեալներ կան, որ Մեսրոպ Մաշտոցէն առաջ ալ հայերս «գիր» եւ դպրութիւն ունեցած ենք: Այս մասին՝ այլ առիթով:
Դժբախտաբար նախամաշտոցեան դարաշրջանի հայոց լեզուի 3500ամեայ պատմութեան մասին մեր ունեցած տուեալները հազուագիւտ են եւ ստուգելի: Հետեւաբար կը գոհանանք մատնանշելով անոր կարեւորագոյն հանգրուանները, որոնց մէջ, ինչպէս տեսանք, մեծ նշանակութիւն կը ներկայացնէ հայոց լեզուի ծննդաբանութիւնը: Այս հարցին կապուած շնորհակալ մեծ գործ կատարած է պատմահամեմատական լեզուաբանական մեթոտը, որուն անհրաժեշտ չափով անդրադարձանք իր տեղին (Գլուխ Բ.):
Ծանօթ է, որ առաջին գիրերն ու գրաւոր արձանագրութիւնները կը պարտինք Միջագետքի Շումեր քաղաքին, որուն, փաստօրէն, կը պատկանի առաջին գիրերու ստեղծման (3100 Ն.Ք.) փառքն ու պատիւը: Շումերական են նաեւ սեպագրերը:
Այս թուականն է, ի դէպ, որ կը նկատուի սկիզբ պատմութեան:
Նախամաշտոցեան հայերէնի քերականական համակարգի, բառապաշարի, հնչիւնաբանութեան, փոխառութիւններու եւ բարբառներու յառաջացման գործընթացի հանգամանաւոր եւ մասնագիտական վերլուծումը վստահելով լեզուաբաններու՝ մենք կը գոհանանք այդ ժամանակաշրջանին վերաբերող յատկանշական քանի մը երեւոյթներու մատնանշումով՝ ընդհանուր ծանօթացման ծիրին մէջ միայն:
Համաշխարհային մշակոյթի պատմութեան մեծագոյն իրագործումներէն մէկը հիքսոսեան (հայկական) այբուբենի ստեղծումն է անկասկած: Թերեւս կրակի եւ կլոր անիւի գիւտին համազօր. սակայն, վստահաբար, շատ աւելի կարեւոր՝ քան Կիւթէնպէրկի (տպագրութեան) գիւտը կամ ճանապարհորդական եւ հաղորդակցութեան միջոցներու կատարելագործումը:
Ընդունուած եւ ընդհանրացած տեսութեան հակառակ (փիւնիկեան տեսութիւն)՝ մարդկութիւնը հիքսոսներուն կը պարտի առաջին անձայնաւոր այբուբենի գիւտը, զոր մեր նախահայրերը )հիքսոսները( ստեղծած են ԺԸ. դարուն, իրենց եգիպտական արշաւանքին եւ փարաւոններու երկրին տիրապետութեան ժամանակաշրջանին (1750-1580 Ն.Ք.), եւ թերեւս ալ իրենց հետ բերած՝ իրենց հայրենիքէն, Հայոց աշխարհէն: Ուրեմն, ի միջի այլոց, այբուբենի ստեղծման առաջնահերթութեան փառքն ու պատիւը եւս մեզի կը պատկանի (այդ մասին առանձին գլուխ մը վերապահած ենք մեր ներկայ յօդուածաշարքին մէջ): Հիքսոսեան այբուբենէն ուղղակիօրէն սերած են հնդկական՝ պրահմի այբուբենը Ն. Ք. ԺԵ. դարուն Ն. Ք. եւ փիւնիկեան այբուբենը Ն. Ք. Ը.-Է. դարերուն։ Փիւնիկեան այբուբենէն սերած են Ասիոյ բոլոր այբուբենները, հարաւ-սեմական եւ ափրիկեան այբուբենները, յունական այբուբենը, որմէ՝ եւրոպական բոլոր այբուբենները:
Առաջին տպաւորութեամբ «չշանթահարինք» այս «նորութենէն» եւ չվախնանք մեր մօտաւոր եւ հեռաւոր «բարեկամներու» հաւանական «պիտակումներէն», քանզի գոյութիւն ունեցող նախկին (փիւնիկեան) տեսութիւնը նոր (Այվազեան Սուրէն) հիմնաւորումներէն աւելի ամուր կռուաններու վրայ չէ, որ կը հիմնուի: Եւ յետոյ, կայ նաեւ այս հրաշալի պատմութեան շարունակութիւնը, ուր կ՚ըսուի, թէ Մեսրոպ Մաշտոց հին հայկական այբուբենին )հիքսոսեան( պակսող ձայնաւորները աւելցնելով է, որ կատարելագործած է մեր «ունեցածը»՝ որոշ փոփոխութիւններով եւ յաւելումներով։
Չ՚արժե՞ր, արդեօք, յետադարձ ակնարկ մը նետել այս «հրաշապատում հեքիաթ»ին վրայ՝ ստուգելու համար անոր վաւերականութիւնն ու հաւաստիութիւնը:
Անպայման որ հետաքրքրական նորութիւններ կը սպասեն ձեզ այդ «արկածախնդրական ճանապարհորդութեան» ընթացքին:
Այդ իմաստով, սակայն, անհրաժեշտ է առաջին հերթին մէկ կողմ նետել մեր հայկական «ամօթխածութիւնն» ու ստորակայութեան բարդոյթը եւ ընդհանրացած (քարացած) տեսութիւններուն քննական ակնոցով մօտենալ:
Անցանք առաջ:
Հիքսոսեան այբուբենէն անկախ, մեր նախահայրերը օգտագործած են գաղափարագրերը (ժայռապատկերներ), որոնց ծաղկման շրջանը կը համարուի Ն. Ք. երրորդ հազարամեակը, իսկ անկման շրջանը՝ Ն. Ք. Թ. դարը։ Հայկական գաղափարագրերը (քրմական արձանագրութիւններ) յայտնաբերուած են Մեծամօրի բլուրներուն վրայ 1963ի աշնան եւ վերծանուած՝ նոյն տարին:
Երկրորդ հազարամեակի աւարտին գաղափարագրերը կը փոխարինուին հայկական սեպագրերով, որոնք կը վերծանուին 1959ի աշնան եւ կը հրատարակուին1963ին: Այս երկու վերծանումներուն շնորհիւ հնագէտներն ու լեզուաբանները հնարաւորութիւն կը ստանան որոշ գաղափար կազմելու նախամաշտոցեան գիրի զարգացման մասին եւ լուսաբանելու շատ մը մութ մնացած հարցեր:
Հետաքրքրական է մասնաւորաբար Արգիշտի Ա.ի (Արա Ա.) Էրեբունի-Երեւան բերդաքաղաքի հիմնադրութեան (Ն. Ք. 782) վերաբերող սեպագիր արձանագրութեան վերծանումն ու «նորովի ընթերցումը», որուն շնորհիւ կը հաստատուի «ուրարտերէն» լեզուի մը չգոյութիւնը, որ՝ «ուրարտերէն» կոչուածը պարզապէս մեր սեպագիր շրջանի հին Հայաստանի լեզուն է. հին հայերէնը:
Ի դէպ, Արա-Արգիշտի Ա.ն (Ն. Ք. 786-764) է, որ առաջին անգամ ըլլալով կը միաւորէ գրեթէ բոլոր հայկական անջատ իշխանութիւնները՝ ստեղծելով Մեծ Հայքի միացեալ եւ ամբողջական թագաւորութիւնը իր 300 հազար քառ. քիլոմեթր տարածութեամբ եւ հասարակաց նոյն լեզուով:
Երկրորդ անգամ Արտաշէս Առաջինն է, որ իր հզօր բազուկներուն մէջ կը համախմբէ հայերէնախօս բոլոր «աշխարհ»ները՝ ստեղծելով միատարր եւ ամուր թագաւորութիւն մը, որ Տիգրան Մեծի օրով կը դառնայ քաղաքականապէս, տնտեսապէս եւ մշակութապէս զարգացած հզօր պետութիւն մը, ուր հայերէնը արդէն պաշտօնական լեզուի հանգամանք ստացած էր: Տիգրան Բ.ի պետութեան ամբողջ տարածքին ապրող եւ քանի մը միլիոն հաշուող բնակչութեան բոլոր հատուածները իրենք-զիրենք հայ կը զգային եւ իրարու կապուած էին համաժողովրդական նոյն լեզուով
Նախամաշտոցեան շրջանի հայերէնը իր ընդհանուր համակարգով արդէն կայունացած եւ համաժողովրդական մակարդակին բարձրացած լեզու էր, որ թէեւ՝ ոչ ամբողջապէս համապատասխան Ե. դարու գրաբարի կառուցուածքին: Գաղափար մը կազմելու համար այդ հին հայերէնի մասին՝ կարելի է կարդալ «Գողթան երգիչներու» բանահիւսական պատառիկները, որոնք Խորենացիի կողմէ մէջբերուած են իր «Հայոց պատմութեան» մէջ.
1.- Երկնէր երկին, երկնէր երկիր,
Երկնէր եւ ծաւն ծիրանի.
Երկն ի ծովուն ունէր եւ զկարմրիկն եղէգնիկ.
Ընդ եղէգան փող ծուխ ելանէր,
Ընդ եղէգան փող բոց ելանէր,
Եւ ի բոցոյն վազէր խարտեաշ պատանեկիկ.
Նա հուր հեր ունէր,
Բոց ունէր մօրուս,
Եւ աչկունքն էին արեգակունք:
2.- Քեզ ասեմ, այր քաջ Արտաշէս,
Որ յաղթեցեր քաջ ազգին Ալանաց,
Ե՛կ հաւանեա՛ց բանից աչագեղոյ դստերս Ալանաց՝
Տալ զպատանիդ.
Զի վասն միոյ քինու ոչ է օրէն դիւցազանց՝
Այլոց դիւցազանց զարմից բառնալ զկենդանութիւն.
Կամ ծառայեցուցանելով
Ի ստրկաց կարգի պահել,
Եւ թշնամութիւն յաւիտենական
Ի մէջ երկոցունց ազգաց քաջաց հաստատել:
3.- Հեծաւ արի արքայն Արտաշէս ի սեաւն գեղեցիկ,
Եւ հանեալ զոսկէօղ շիկափոկ պարանն,
Եւ անցեալ որպէս զարծուի սրաթեւ ընդ գետն,
Եւ ձգեալ զոսկէօղ շիկափոկ պարանն՝
Ընկեց ի մէջք օրիորդին Ալանաց.
Եւ շատ ցաւեցոյց զմէջք փափուկ օրիորդին,
Արագ հասուցանելով ի բանակն իւր:
4.- Եթէ դու յորս հեծցիս, Ազատն ի վեր ի Մասիս,
Զքեզ կալցին քաջք,
Տարցին յԱզատն ի վեր ի Մասիս.
Անդ կայցես եւ զլոյս մի՛ տեսցես:
5.- Ո՜ տայր ինձ զծուխն ծխանի
Եւ զառաւօտն Նաւասարդի,
ԶՎազելն եղանց եւ զվարգելն եղջերուաց.
Մեք փող հարուաք եւ թմբկի հարկանէաք,
Որպէս օրէն էր թագաւորաց: