Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ «Էքս»ի իր էջին ճամբով յայտարարեց, որ Պաքու պատրաստ է երաշխաւորելու Ստեփանակերտ-Լաչին ճամբով քաղաքացիներու` սեփական ինքնաշարժներով տեղաշարժի ապահովութիւնը:
«Երթալ ուզողները հիմնականին մէջ զինուորականներու ընտանիքներու անդամներ են», ըսաւ ան՝ դիտել տալով, որ «կամաւոր զէնքը վար դրած զինուորականները ազատ են»:
21 Սեպտեմբերին, «Ռոյթըրզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հաճիեւ հաստատեց, որ Պաքու պատրաստ է համաներում յայտարարելու անոնց նկատմամբ, որոնք վար կը դնեն զէնքերը եւ կ՛ընդունեն Ատրպէյճանի խաղի կանոնները: «Այս երաշխիքները մենք կու տանք բարձրագոյն մակարդակով», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Մենք պաշտօնապէս` նախագահի մակարդակով, կ՛երաշխաւորենք Ղարաբաղի հայերու ապահովութիւնը ու իրաւունքները՝ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան համաձայն: Այս կը նշանակէ, որ մենք անոնց հետ պիտի վերաբերինք այնպէս, ինչպէս մեր քաղաքացիները. խաղաղ բնակչութիւնը հարց պէտք չէ ունենայ: Նախկին զինուորականներուն համար ալ կը քննենք համաներման կարելիութիւնը, որովհետեւ զինադադարի եւ ռազմական միջամտութեան իբրեւ արդիւնք մենք համաձայնած ենք, որ զէնքերը վար դնողները ազատ պիտի արձակուին: Մենք նաեւ պէտք է իրատես ըլլանք. պիտի ըլլան որոշ մարդիկ, որոնք չեն ընդունիր կամ չեն համաձայնիր վերահամարկման: Անոնք կրնան նաեւ որոշել, որ չեն ուզեր մնալ Ղարաբաղի մէջ: Այս որոշումներուն համար Ատրպէյճան պէտք չէ պատասխանատուութեան կանչուի։ Որեւէ երկրի մէջ ալ կայ ազգային փոքրամասնութիւն, օրէնսդրութիւն եւ կանոնադրութիւն, որոնք պէտք է ընդունուին եւ յարգուին իւրաքանչիւրին կողմէ: Եւ որեւէ իրաւունք նաեւ պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ: Եթէ ոմանք որոշեն հեռանալ` այդ մեկը անոնց կամքն է, զոր մենք պարտաւոր ենք յարգել»։
Ան նաեւ խօսեցաւ ռուս խաղաղապահներուն՝ Արցախի մէջ գտնուելուն մասին՝ ըսելով. «Ես չէի ուզեր շտապել եւ կանխատեսումներ ընել: Մենք ունինք 2020ի յայտարարութիւնը, ըստ որուն, խաղաղապահները պէտք է մնան Ղարաբաղի մէջ մինչեւ 2025: Եկէք սպասենք մինչեւ այդ թուականը: Հայերէն ոմանք հաւանաբար որոշ մտահոգութիւններ ունենան ապահովութեան առումով. վերջապէս, վստահութեան, շփումներու եւ դիւանագիտութեան համար յաւելեալ ժամանակի կարիքը կայ: Այս պայմաններուն մէջ, ռուս խաղաղապահները կրնան, այսպէս ըսած, միջնորդ ըլլալ», յայտարարեց Հաճիեւ: