Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի յայտարարեց, որ տարածաշրջանին մէջ Իրանի զինուած ուժերու ներկայութիւնը կը կանխէ սահմաններու կամ աշխարհաքաղաքականութեան որեւէ փոփոխութիւն: Ան այս բնդումը կատարեց` խօսելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հարցերուն մասին:
Ան նաեւ շեշտեց Արցախի հայերու ապահովութիւնը երաշխաւորելու անհրաժեշտութիւնը:
«Ղարաբաղը, անկասկած, կը պատկանի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան, սակայն հարկաւոր է հայերուն իրաւունքները ապահովել այնպէս, որ տարածաշրջանին մէջ պաշտպանուած ըլլայ անոնց ապահովութիւնը եւ իրաւունքները», ըսաւ Ռայիսի: