

25 Սեպտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 5ի դրութեամբ՝ Արցախէն Հայաստան մտած են բռնի տեղահանուած 6650 անձեր: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի կառավարութենէն՝ աւելցնելով, որ բոլոր անոնք, որոնք կեցութեան նախապէս որոշուած վայր չունին, կառավարութիւնը անոնց կ՛ապահովէ համապատասխան կեցութեան ավայրեր:
Հաւաքական տարհանման, վառելանիւթի կարգերու եւ քաոսային վիճակին զուգահեռ, Արցախի տեղեկատուական շտապը կը վստահեցնէ, որ փափաքող բոլոր քաղաքացիները Հայաստան տեղափոխուելու կարելիութիւն պիտի ունենան՝ միաժամանակ ընդգծելով, որ տեղափոխման սահմանուած ժամկէտներ չկան:
Ըստ շտապին՝ առաջնահերթօրէն Հայաստան կը տեղափոխուին ռազմական գործողութիւններուն պատճառով տարհանուած, անօթեւան մնացած եւ ծանր կացութեան մէջ յայտնուած քաղաքացիները:
Ատրպէյճանական յարձակումէն 6 օր ետք, Արցախի մէջ թողելով տուն եւ տեղ, տեղահանուածներու խումբերը հերթաբար հասան Հայաստան՝ հատելով Հակարիի կամուրջի ատրպէյճանական անցակէտը:
Անոնք կանգ կ՛առնեն Գորիսի մէջ ստեղծուած շտապի կեդրոնը, ուր անոնց կը տրուի ուտելիք, անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն, արձանագրութիւն կը կատարուի, ապա կը փոխադրուին Հայաստանի այլ շրջաններ:
Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ առաւել քան 8000 քաղաքացիներ տարհանուած են Ատրպէյճանի յարձակումին պատճառով:


«Արցախի իշխանութիւնները շարունակելու են մնալ տեղերում եւ պետական կառավարում իրականացնել այնքան ժամանակ, մինչեւ ամբողջութեամբ չապահովեն ՀՀ ուղեւորուելու ցանկութիւն ունեցող քաղաքացիների տեղափոխման գործընթացը: Ստեղծուած ծանր իրավիճակում կոչ ենք անում յատկապէս պետական կառավարման համակարգի, առողջապահութեան ոլորտի եւ ուժային կառոյցների աշխատակիցներին շարունակել կատարել մասնագիտական պարտքը՝ յանուն մեր հայրենակիցների անվտանգութեան ու առողջութեան», կը նշուի շտապի յայտարարութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Արցախէն Գորիս ուղղուող ինքնաշարժները այնքան մեծաթիւ են, որ խճողում յառաջացաւ, այդ պատճառով ալ դժուարացաւ վիրաւորներու տեղափոխումը:
Ահաւոր խճողումներ եւ կարգեր կան նաեւ վառելանիւթի կայարաններուն առջեւ եւ մերձակայքը, ուր վառելանիւթ կը տրամադրուի քաղաքացիներուն:
«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մարտակերտի քաղաքապետ Միշա Գիւրջեան յայտնեց, որ արցախցիները ամբողջութեամբ տարհանուած են շրջանէն, եւ Մարտակերտը ամբողջութեամբ յանձնուած է: Վերջին բնակիչները հոնկէ դուրս եկան 24 Սեպտեմբերին՝ շուրջ 100 ինքնաշարժներով եւ երեկոյեան հասան Ստեփանակերտ: Ան ըսաւ, որ խաղաղ բնակիչներուն մէջ կան անյայտ կորսուածներ՝ աւելցնելով «Ահագին մարդ կայ, որ չենք ճարել, ոչ հաշիւ ենք իմանում, ոչ կորած մարդ ենք իմանում»:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները արդէն հրապարակեցին նկարներ, որոնց մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս ատրպէյճանցի զինուորները Մարտակերտ քաղաքի ցուցանակին վրայ կ՛ամրացնեն Ատրպէյճանի դրօշը:
Եթէ Մարտակերտը դատարակուած է, Ստեփանակերտէն շուրջ 80 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ճարտար քաղաքին մէջ տակաւին կը սպասեն վառելանիւթի: Ճարտարցի կինը «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ հոսանք, կազ, ջուր չկայ, քաղաքապետը ըսած է՝ սպասեցէք, թերեւս քանի մը օրէն վառելանիւթ տան, որ դուրս գան իրենց տուներէն՝ առանց գիտնալու դէպի ո՛ւր: «Մեծ մասը դուրս է եկել, մենք մնացել ենք ընտանիքներով: Խաղաղապահներ կան, բայց դէ իրենց համար, ապրել էլ (այստեղ) հնարաւոր չէ, եթէ շրջափակուած ես թուրքերով», ըսաւ ան:



Մայրաքաղաքին մէջ նոյնպէս կը շտապեն հեռանալ Ստեփանակերտէն: Ճամպրուկները հաւաքած կին մը կը ըսաւ, թէ չափազանց դժուար է հեռանալ հայրենիքէն, բայց մնալը անկարելի է։ «Ընդհանրապէս ինչպէ՞ս մնալ, վստահութիւն չկայ: Տեսաք՝ ինչեր են կատարւում: Ամէն րոպէ սպառնալիք կայ», ըսաւ ան:
Սահմանային շրջաններէն Ստեփանակերտ եկողները կը պատմեն, որ պարզ աչքով կ՛երեւին ատրպէյճանցիները. նոյնիսկ իրենց սիրելի քաղաքին մէջ քալելը արդէն վտանգաւոր է։ «Ես մեր տանը կանգնած եմ, վերեւի թաղում իրենք են, չափից շատ են», ըսաւ վերոնշեալ արցախցին:
Արցախի մէջ կատարուող որոնողական-փրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին. ցարդ յայտնաբերուած են 100է աւելի աճիւններ: