Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան 28 Սեպտեմբերին ստորագրեց համաձայնագիր մը, ըստ որուն, մինչեւ 1 Յունուար 2024 պիտի լուծարուին Արցախի բոլոր պետական հիմնարկները եւ կազմակերպութիւնները, եւ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութիւնը պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ:
Ըստ Ատրպէյճանի հետ համաձայնագիրին՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը, որոնց կարգին Արցախէն դուրս գտնուող բնակչութիւնը, սոյն հրամանագիրին ուժի մէջ մտնելէ ետք կը ծանօթանան Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած վերահամարկման պայմաններուն՝ անկախ եւ անհատական որոշում տալլու նպատակով` ապագային Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնալու (վերադառնալու) կարելիութեան վերաբերող:
Հրամանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակման պահէն անմիջապէս ետք: