Նախագահ Շահրամանեան Տակաւին Արցախ Պիտի Մնայ
Ատրպէյճանի զինուած ուժերու յարձակումէն երկու շաբաթ ետք՝ 2 Հոկտեմբերին, ըստ արցախցի պաշտօնեաներու, Ղարաբաղ գրեթէ ամբողջութեամբ հայաթափած է: Արցախի մէջ այս պահուն կան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան շուրջ երկու տասնեակ փրկարարներ, որոնք կը շարունակեն զոհուածներու ու անյայտ կորսուածներու որոնողական աշխատանքը:
Ըստ Արցախի տեղեկատուական շտապին՝ մինչեւ որոնողական աշխատանքներու աւարտը նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան պիտի մնայ Արցախի:
«Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը մի խումբ պատասխանատուների հետ կը մնայ Ստեփանակերտում այնքան ժամանակ, մինչեւ չաւարտուեն Սեպտեմբերի 19ից 20ը տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւնների եւ Սեպտեմբերի 25ին Ասկերանի շրջանում վառելիքի պահեստի պայթիւնի հետեւանքով զոհուածների աճիւնների ու անհետ կորածների որոնողափրկարարական աշխատանքները», հաղորդեց շտապը:
Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապի եւ լրատուութեան ծառայութեան պետ Յունան Թադեւոսեան՝ որոնողափրկարարական խումբին մասին գրած է հետեւեալը. «Ասել՝ դժուար աշխատանք են կատարում, նշանակում է չասել ոչինչ: Հաշուած օրեր առաջ մեզ բաժին հասաւ մի նոր փորձութիւն: Իսկ նրանք ամէն օր յաղթահարում են բազում դժուարութիւններ, կատարելով ամենայարգի ու նուիրական առաքելութիւնը՝ անհետ կորածների որոնումները: Աշխատանքին զուգահեռ, Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Յովանի մայր տաճարում այսօր հասցրել են նաեւ աղօթք բարձրացնել: Խումբն Արցախում կը մնայ՝ մինչեւ զոհուածների աճիւնների ու անհետ կորածների որոնողափրկարարական աշխատանքների աւարտը», «Ֆէյսպուք»ի վրայ գրած է ան:
Արցախի տեղեկատուական շտապը, որ այս օրերուն Արցախի պաշտօնական տեղեկատուութեան միակ հարթակն է, չբացառեց, որ տակաւին ըլլան մարդիկ, որոնք չեն կրցած դուրս գալ: Նախորդ շաբաթուան ընթացքին առաւել քան հարիւր հազար արցախցիներ հատեցին Հակարիի կամուրջը:

Մինչեւ 2020ի պատերազմը, ըստ պաշտօնական տուեալներու, Արցախի մէջ կ՛ապրէին 150 հազար հայեր: Անոնց մէկ մասը՝ 30 հազարը, տեղահանուեցան պատերազմին ընթացքին գրաւուած Հադրութէն, Շուշիէն եւ միւս բնակավայրերէն: 44օրեայ պատերազմէն ետք՝ մինչեւ շրջափակումը, պաշտօնապէս կը յայտարարուէր արդէն 120 հազար բնակչութեան մասին:
Երեւանէն վերջին օրերուն տեղահանուող արցախցիներու նուազող վիճակագրութիւն կը ներկայացուի՝ 100 հազար 520 բռնի տեղահանուած անձեր մուտք գործած են Հայաստան: «Երեկոյից ցուցանիշը գրեթէ չի փոփոխուել, սա նշանակում է, որ հիմնական մարդկային հոսքը դադարել է, եւ առաւելապէս Լեռնային Ղարաբաղում մնացել են պաշտօնատար անձինք եւ, ի հարկէ, բնակչութեան որոշ՝ աւելի քիչ զանգուածը», ըսաւ Հայաստանի վարչապետի բանբեր Նազելի Բաղդասարեան:
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան 1 Հոկտեմբերին տեղադրեց տեսանիւթ մը եւ յայտարարեց, որ Արցախէն վերջին մարդատարը Գորիս հասաւ 15 ուղեւորով: «Նուիրեալ մարդկանց մի փոքրիկ թիմ հարիւրաւոր ահազանգերի հետեւից գնացել է հասցէ առ հասցէ, դուռ առ դուռ՝ անօգնական մարդկանց տարհանելու համար: Եթէ Արցախում մնացած միայնակ կամ անօգնական մարդկանց մասին դեռեւս ունէք յստակ տեղեկութիւն, պէտք է դիմել Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէ, կամ էլ տրամադրել տեղեկութիւնները մեզ ԿԽՄԿ փոխանցելու համար», նշեց Ստեփանեան:
Հայաստանի մօտ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութիւնը յայտնեց, որ կը շարունակեն աշխատանքը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ պատրաստ են Հայաստան տեղափոխել անօգնական վիճակի մէջ գտնուող քաղաքացիները, եթէ կան այդպիսի մարդիկ: «Ինչ վերաբերում է մարդկանց, որոնք դեռեւս մնացել են եւ ցանկութիւն ունեն տեղափոխուելու, բայց չեն կարող ինչ-ինչ պատճառներով, օրինակ, դա կարող է լինել հաշմադամութիւն կամ այլ իրավիճակ, որում իրենք գտնւում են եւ անօգնական, մեր կազմակերպութիւնը դեռեւս մնալով եւ թիմով աշխատելով տեղում, փորձում է այդ յատուկ դէպքերով, հետքերով գնալ եւ փորձել մարդկանց օգնել տեղափոխուել Հայաստան», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Հայաստանի մօտ ԿԽՄԿ պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Զառա Ամատունին:
Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն նաեւ Արցախէն աճիւններու դուրս բերումով կը զբաղի: Զառա Ամատունին յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը 1 Հոկտեմբերին 33 աճիւն տեղափոխեց Հայաստան: Կարմիր խաչը վերջին օրերուն հարիւրաւոր հեռաձայններ կը ստանայ նաեւ արցախցիներէն, որոնք հարազատներ կը փնտռեն. «Հարազատները, որոնք բաժանուել են, թէ ճանապարհին եւ թէ այս պահին ունեն որեւէ մէկը, որը մնացել է, բնականաբար գալիս են մեզ մօտ, մենք բոլոր դէպքերը գրանցում ենք, փորձում ենք տեղում հարցերը ճշդել»:
Պաշտօնապէս չյստակացաւ՝ 19 Սեպտեմբերէն ետք քանի՛ զինուորական ու խաղաղ բնակիչ զոհուեցաւ, անյայտ կորսուածներուն թիւը ի՛նչ է: Անյայտ է նաեւ ձերբակալուած զինուորականներուն թիւը:
Պաքուի կողմէ Արցախի չորս պաշտօնեաներու ձերբակալութիւններէն ետք, տակաւին յստակ չէ, թէ ո՛ւր են Արցախի նախկին ղեկավարները՝ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան: Ըստ ռուսական «Թասս» գործակալութեան՝ երեք նախկին նախագահները 2 Հոկտեմբերի դրութեամբ՝ չէին հեռացած Ստեփանակերտէն եւ անոնց վերաբերեալ բանակցութիւններ կ՛ընթանան:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ 2 Հոկտեմբերին, Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցան Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները: Սակայն պաշտօնապէս չհաղորդուեցաւ, թէ ի՛նչ էր բանակցութիւններուն նիւթը:
Պաքու 1 Հոկտեմբերին յայտնեց 300 անձեչժրու նկատմամբ միջազգային հետախուզութեան մասին՝ անոնց կարգին նշելով նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեանի անունները: Արդէն բանտակրուած են Արցախի պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեան, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեան, Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար Լեւոն Մնացականեան, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեան: Չորսին նկատմամբ ծանր մեղադրանքներ առաջադրուեցան: