Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան խորհրդարանին մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին, Արցախի հայերու ցեղային զտումը, բնաջնջումը եւ զանգուածային արտագաղթը որակեց «արդարութեան յաղթանակ»:
Ըստ «Անատոլու»ի Էրտողան ըսաւ, որ «30 տարուան բռնագրաւումէն ետք Ղարաբաղը, որ Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածք է, ազատագրուեցաւ, եւ արդարութիւնը յաղթեց»:
Այս գծով ան յայտարարեց, որ Անգարա միջազգային բնագաւառին մէջ դրսեւորուած է «իբրեւ վստահելի գործընկեր»:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններուն՝ կոչ ուղղելով Պրիւքսէլին «հրաժարելու Անգարայի նկատմամբ իր ոչ-կառուցողական դիրքորոշումէն»:
«Եթէ Եւրոպական Միութիւնը հրաժարի իր անարդար դիրքորոշումէն, առաջին հերթին վիզայի հարցին գծով, կ՛ուղղէ իր սխալները: Եթէ ոչ, անիկա պիտի կորսնցնէ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ ռազմական առումներով մեզմէ բան մը ակնկալելու իրաւունքը», յայտարարեց Էրտողան:
Ըստ անոր՝ Թուրքիա կատարեց Եւրոպական Միութեան տուած իր բոլոր խոստումները, սակայն դաշինքը կատարեց Անգարային տուած խոստումներէն գրեթէ ոչ մէկը: Ան նշեց, որ հակառակ Պրիւքսէլի մէջ վարչակազմի փոփոխութեան, «Անգարայի նկատմամբ Եւրոպական Միութեան կողմնակալութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն չէ արձանագրուած»:
Էրտողան ըսաւ, որ նման դիրքորոշում անարդար է եւ «անհամատեղելի պայմանաւորուածութիւններու սկզբունքը յարգելուն հետ»: