Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով 2 Հոկտեմբերին յայտարարեց, որ Ղարաբաղի՝ Ատրպէյճանի կազմին մէջ մտնելու որոշումը տրուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անմիջական մասնակցութեամբ: «Սուտ է, երբ Երեւանի մէջ գործիչները կ՛ըսեն, թէ Նոյեմբեր 2020ին պատերազմը դադրեցնելու համաձայնագիր ստորագրելով՝ Փութին ստիպեց Փաշինեանը Ղարաբաղը տալ Ատրպէյճանին: Այս համաձայնագիրին մէջ գրուած է, որ Ղարաբաղը ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան պատասխանատուութեան տարածքն է, եւ կար ընդհանուր ըմբռնում, որ Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակին շուրջ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի: Բայց երբ մէկ կամ մէկուկէս տարի ետք վարչապետ Փաշինեան Փրակի մէջ, եւրոպական գագաթնաժողովին ստորագրեց փաստաթուղթ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը ճանչնան իրարու՝ 1991ի սահմանները՝ Ալմա Աթայի հռչակագիրին համաձայն, հարցը փակուեցաւ: Այնուհետեւ ան դարձեալ օգտագործեց այդ եզրը Պրիւքսէլի մէջ: Աւելի՛ն, խնդրոյ առարկայ փաստաթուղթին մէջ, զոր տարածեց Եւրոպաան Միութիւնը, չ՛ըսուիր, որ Հայաստան մտահոգ է ճակատագիրով այն հայերուն, որոնք կ՛ապրէին Ղարաբաղի մէջ, եւ որ այդ ճակատագիրով պէտք է բոլորը ձեւով մը վարուին, որպէսզի անոնք չտառապին», ըսաւ Լաւրով:
Ան նաեւ անդրադարձաւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն՝ դիտել տալով, որ Մոսկուա յոյս ունի, որ «Մոսկուայի եւ Երեւանի կապերը չեն քայքայուիր»՝ դիտել տալով, որ ՀԱՊԿէն դուրս գալու հնարաւորութեան մասին Երեւանէն հնչող յայտարարութիւնները ինքնուրոյն որոշման հարց են:
«Եթէ, ինչպէս յայտարարեցին Հայաստանի որոշ ղեկավարներ, անոնք հիմա հիասթափած են Ռուսիայէն ու ՀԱՊԿէն, անոնք պիտի սկսին սեփական ապահովութիւնը ամրապնդելու կողմնակի գործընկերներ փնտռել, այդ մէկը իրենց օրինական իրաւունքն է, հայաստանեան ղեկավարութեան իրաւունքը: Բայց ես յոյս ունիմ, որ այն կապերը, որոնք կան ռուս եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ, ոչ մէկ ժամանակաւոր վարչակազմ կ՛ոչնչացնէ»:
Լաւրով դիտել տուաւ, որ Մոսկուա կ՛աշխատի ատրպէյճանցի գործընկերներուն եւ դրացիներուն հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վիճակը կայունացնելու, վստահութեան ամրապնդման, բնականոն կեանքի վերսկսման, հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միացեալ կեանքի վերականգնման պայմաններ ստեղծելու համար: «Յոյս ունիմ, որ Երեւան նոյնպէս շահագրգռուած պիտի ըլլայ ասորմով եւ անոր համար ջանքեր պիտի գործսադրէ», ըսաւ ան:
Ըստ Լաւրովի՝ ռուս խաղաղապահները այս իրավիճակին մէջ կ՛ընեն այն, ինչը կրնան:
«Մենք չենք կրնար զսպել այն մարդիկը, որոնք կը փափաքին Ղարաբաղէն երթալ Ռուսիա», շեշտեց Լաւրով: