
ՊՐԻՒՔՍԷԼ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ ՀԱՍՏԱՏԵՑԻՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆԸ
Ամերիկեան «Փոլիթիքօ» թերթը 3 Հոկտեմբերին բացայայտեց, թէ 19 Սեպտեմբերին սկսած Արցախի վրայ ռազմական յարձակումէն միայն երկու օր առաջ, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ, Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն միջեւ գաղտնի հանդիպում մը։
Հանդիպումը կազմակերպուած էր՝ քննարկելու համար Արցախի պաշարումին վերջ մը դնելու եւ Հայաստանէն մարդասիրական օգնութեան մուտքը արտօնելու կարելիութիւնները։ Անոր մասնակցած են Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօ, Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թովիօ Քլաար եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւ։
«Այս մակարդակի դիւանագիտական գործակցութիւն հազուադէպ է», կը գրէ «Փոլիթիքօ»ն՝ յիշեցնելով, որ Ուքրանիոյ պատերազմին պատճառով Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ դիւանագէտները դադրեցուցած են գործակցութիւնը։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժեց պատասխանել նախապէս չբացայայտուած այս հանդիպումին մասին «Փոլիթիքօ»ի հարցումներուն, սակայն բարձրաստիճան ամերիկացի դիւանագէտ մը ըսաւ, թէ հանդիպումը կազմակերպուած էր այն յոյսով, որ տարածաշրջանին գլխաւոր դերակատարներուն հետ կապեր պահող եւ շրջանին մէջ ազդեցութիւն ունեցող Ռուսիան իր լծակները գործածէ, վերջ դնելու համար Արցախի շրջափակման։
Չորեքշաբթի օր, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա հաստատեց հանդիպումին լուրը՝ պնդելով, որ տեղի ունեցածը «սովորական տեսակէտներու փոխանակում»ի համար հանդիպում մըն էր պարզապէս։ «Չեմ գիտեր, թէ հանդիպումը գաղտնի եղած է, կամ՝ ոչ։ Մեզի դիմած են Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը հանդիպում մը ունենալու նախաձեռնութեամբ», աւելցուց ան։
Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ըսաւ, որ «Ղարաբաղի հարցով որոշ շփումներ եղած են», պնդելով, որ «Փոլիթիքօ»ի «հրապարակումին մէջ կան բազմաթիւ անճշդութիւններ եւ սխալներ՝ Ղարաբաղի հարցով Ամերիկայի, Եւրոպական Միութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ հանդիպման վերաբերեալ»։
Եւրոպական Միութենէն պաշտօնատար մը եւս հաստատեց հանդիպումին լուրը, նշելով, որ Պրիւքսէլ համոզուած է, որ կողմերուն միջեւ կապերու պահպանումը կը նպաստէ տագնապներ լուծելու ջանքերուն։