Ռուսական պետական «Թասս» գործակալութիւնը, վկայակոչելով իր դիւանագիտական աղբիւրները՝ 6 Հոկտեմբերին տեղեկացուց, թէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը նոյն օրը Հայաստան պիտի այցելէ՝ քննարկելու Արցախէն ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի դուրսբերման ժամկէտները։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնէն, սակայն, «Ազատութեան» յայտնեցին, որ այդպիսի պատուիրակութեան այցելութեան վերաբերեալ իրենք տեղեկութիւն չունին։
Աւելի ուշ, ռուսական կողմը հերքեց այս լուրը։ «Իրականութեան չի համապատասխաներ շարք մը լրատուամիջոցներու տարածած տեղեկութիւնը այն մասին, թէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւն մը Պաքուի կամ Երեւանի մէջ կը քննարկէ Ղարաբաղէն ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը դուրս բերելու հարցը», յայտնեց գործակալութեան զրուցակիցը եւ յստակացուց՝ըսելով. «Խօսքը խաղաղապահներու ընթացիկ գործունէութեան վերաբերեալ ծրագրուած շփումներու մասին է»:
Մինչ այդ, 5 Հոկտեմբերի ուշ երեկոյեան, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ խաղաղապահները կազմաքանդած են Արցախի մէջ ժամանակաւորապէս տեղակայած դիտակէտերը Ասկերանի, Մարտակերտի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ` կողմերու նախկին շփման գիծին երկայնքով:
Նոյն ատեն, նախարարութիւնը յայտարարեց հետեւեալը. «Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ առաջադրանքներ կատարել Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին: Պաքուի եւ Ստեփանակերտի հետ շարունակուող փոխգործակցութիւնը կը պահպանուի, անոր նպատակը արիւնահեղութիւնը կանխել եւ քաղաքացիներուն հանդէպ մարդասիրական օրէնք ապահովելն է»։