Հինգշաբթի, 5 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան` Կապանի մօտ Ռուսիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման յառաջապահ խումբի ղեկավարին եւ Մեղրիի քաղաքապետին հանդիպումը:
Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր պաշտօնական էջին ճամբով տեղեկացուց Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպանութիւնը` մանրամասնելով, որ քննարկուեցան Սիւնիքի մարզին մէջ, Ռուսիոյ նոր հիւպատոսական գրասենեակի շուտափոյթ բացման հեռանկարները, ինչ որ զգալիօրէն պիտի դիւրացնէ հիւպատոսական ծառայութիւններու հասանելիութիւնը Հայաստանի հարաւը բնակող Ռուսիոյ քաղաքացիներուն համար:
«Նոր գլխաւոր հիւպատոսութիւնը պիտի նպաստէ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման եւ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ մշակութային, մարդասիրական, առեւտրական, տնտեսական եւ միջտարածաշրջանային համագործակցութեան ընդլայնման», կ՛ըսուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: