
ՀՄԸՄի Պատգամաւորական 13րդ ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ 2էն 7 Հոկտեմբեր 2023ին, Հայաստանի մէջ: Ժողովին մասնակցեցան միութեան շրջանային եւ մեկուսի 30 շրջաններէ 75 իրաւասու ձայնով պատգամաւորներ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան, Թեհրանի ՀՄԱԿի ներկայացուցիչ Սոֆի Ջաղարբէկեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Արտաշէս Շահպազեան եւ խորհրդակցական ձայնով 28 հրաւիրեալներ, ընդամէնը` 103 մասնակցողներ: Ժողովին բացման ներկայ գտնուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Ժողովը իր տեսակին մէջ իւրայատուկ էր, որովհետեւ կը գումարուէր ներազգային ծանր պայմաններու մէջ:
Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովը մանրամասն քննութեան ենթարկեց 2019-2023 քառամեակի ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան գործունէութիւնը, յոյժ գնահատելի նկատեց կատարուած աշխատանքները եւ ապագայի հաշուոյն մշակեց նոր ծրագիրներ:
Ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ ՀՄԸՄի սկաուտութիւնը, մարզական կեանքն ու երիտասարդութիւնը յուզող հրատապ հարցերուն եւ համապատասխան որոշումներով քայլեր առաջադրեց անոնց թափ տալու նպատակով: Արծարծուեցան նաեւ միութեան քարոզչութեան, արդի արհեստագիտութեան եւ ռազմավարական ծրագիրներու վերաբերող հարցեր:
Ժողովը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց միութեան կազմակերպական ընդհանուր իրավիճակին եւ ընդգծեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի եւ միութեան աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերուն աշխատանքային դաշտերը ընդլայնելու կարելիութիւնները:
Ժողովը յատուկ օրակարգով կանգ առաւ Արցախի եւ Արցախի հայութեան կացութեան դիմաց: Ժողովը հաստատեց, որ դէմ յանդիման կը գտնուինք Արցախի ժամանակաւոր կորուստի իրականութեան դիմաց, հետեւաբար ժողովը ՀՄԸՄի պարտքը եւ պարտաւորութիւնը նկատեց տէր կանգնիլ ու պահպանել Արցախի Հանրապետութեան խորհրդանիշները,դրօշը, քայլերգն ու զինանշանը, այդ խորհրդանիշներուն ընդմէջէն նոր սերունդին մօտ վառ պահելու համար Արցախի վերատիրացման խորհուրդը:
Իբրեւ Արցախի գաղթականներու անմիջական աջակցութեան քայլ, Ընդհանուր ժողովը յառաջացուց «ՀՄԸՄ Արցախ հիմնադրամ»ը, որ պիտի օժանդակէ արցախցի գաղթականներու անյետաձգելի կարիքներուն:
Իր հնգօրեայ աշխատանքներուն աւարտին, Ընդհանուր ժողովը 2023-2027 քառամեակի ՀՄԸՄի նոր Կեդրոնական վարչութիւնը ընտրեց հետեւեալ կազմով.
Եղբայր Յակոբ Խաչերեան (Լիբանան)
Եղբայր Վիգէն Աւագեան (Լիբանան)
Քոյր Թալին Օրտողլեան (Լիբանան)
Եղբայր Աւետիս Տէրվիշեան (Սուրիա)
Քոյր Սանտրա Վարդանեան (Հայաստան)
Եղբայր Հրաչ Սիսեռեան (Ֆրանսա)
Եղբայր Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան (Շուէտ)
Եղբայր Վահէ Թանաշեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ)
Եղբայր Մհեր Դաւիթեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)
Եղբայր Վիգէն Աբէլեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)
Քոյր Լիոնի Սարմազեան (Գանատա)
Քոյր Սեսիլիա Տաղլեան (Հարաւային Ամերիկա)
Եղբայր Տիրան Վահրատեան (Աւստրալիա)
ԴԻՒԱՆ ՀՄԸՄԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ
13ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ