
ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ*
15 Սեպտեմբեր՝ մեծ խանդավառութեամբ երկար սպասուած թուական մը, որ սփիւռքահայ խումբ մը հայորդիներու համար թէեւ դարձաւ ցաւոտ, ցասկոտ եւ փոթորկոտ, սակայն նաեւ՝ հոգեկան հպարտութեամբ միաձուլուած արժանավայել եւ անմոռանալի «շօշափելի» փորձառութիւն մը ապրելու առիթ մը:
Հայրենասիրութիւնը Սփիւռքի տարածքին հայութեան հիմնաքարը կը կազմէ: Առ այդ, այդ մէկը դարձած է սփիւռքահայ վարժարաններու գլխաւոր առաքելութիւնը:
Կէս դար եւ աւելի հաստատուած Լոս Անճելըսի կեդրոնը՝ Հոլիվուտի սիրտ «Փոքրիկ Հայաստան»ի մէջ հիմնադրուած եւ տասնեակ տարիներով յառաջդիմած ու կրթական փայլուն եւ բարձր մակարդակներ ապահոված է Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը, որ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ՝ իր տեղը գրաւեց Արցախի շրջափակման դէմ իր ցոյցերով եւ զանազան ծրագիրներով:
Վերջերս, երկրորդական բաժինի աւարտական դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ՝ վարժարանի տնօրէնութեան եւ պատասխանատու դաստիարակներու հսկողութեամբ՝ այցելեցին Մայր Հայրենիք՝ Հայաստան:


Նախաճամբորդական շրջանին, աշակերտական երազանքները եւ զգացումները վարդագոյն պաստառի վրայ կը թռչկոտէին՝ հասնելու հայրենի հող, իրենց կարօտը գոհացնելու համար, շրջելով եւ ծանօթանալով հայրենեաց զանազան վայրեր, յատկապէս պատմամշակութային քաղաք Գիւմրին եւ վայելելու Երեւանի փողոցներու «բաց թանգարան»ը:
Ուխտագնացութիւնը սկսած էր, հայ աշակերտի յարգանքի արդար տուրքով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի անմար կրակը այցելութեամբ, ապա հանրապետութեան զինուորական պանթէոնը՝ Եռաբլուր, ուր հայրենեաց սիրով զոհուած ու նահատակուած հայ քաջ մարտիկներու եւ կամաւոր հայորդիներու յիշատակը խնկարկեցին եւ անոնց ուխտը շարունակելու խոստումով՝ դրոշմեցին սփիւռքահայու մատղաշ հոգիները:
Որքա՜ն երազային կը թուէր ըլլալ, մօտիկէն տեսնել, կապուտակ մեր Սեւանայ լիճը եւ Սեւանավանքին մէջ մոմ մը վառելը, մեծ երազ մը իրականացնելու խոր հաւատքով… Եւ այսպէս՝ անոնք յաջորդաբար այցելեցին Հաղարծին, Գեղարդ եւ Գառնի, ապա վերջապէս Էջմիածինի եւ Գէորգեան ճեմարանին մէջ զգացին Խրիմեան հայրիկի «երկաթէ շերեփ»ի անհրաժեշտութիւնը եւ այժմէականութիւնը:
Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ նաեւ, Այբուբենի պուրակին մէջ, իրենց անուներու նախատառով անմահական նկար մը ապահովեցին, եւ աշակերտական ու ընկերական հասուն կապերով եւ հայրենի սիրով եւ շունչով տոգորուած՝ ՊԻՏԻ վերադառնային իրենց դպրոցական առօրեային…:
Յանկարծ, վերոյիշեալ ուխտագնացութիւնը, աշակերտներու «արդար» խանդավառութիւնը վերածեցուեցաւ սիրտ պոկող, հայրենի Արցախի յանձնումին եւ արցախահայերու բռնի ու վայրագ տեղահանութեան առթած տխրութեան:
Վարժարանիս տնօրէնուհի Մարալ Մատէնլեան Դաւիթեան եւ ընկերակցող ուսուցիչները, աշակերտներուն հետ միաձուլուած՝ հայրենասիրութեամբ եւ գօտեպնդուած ջանքերով ծրագրեցին անմիջական նիւթաբարոյական օժանդակութիւններով ձեռք երկարել Հայաստան ժամանած արցախահայ կարգ մը ընտանիքներու եւ կարօտեալ անհատներու:

Վարժարանիս կողմէ նախապէս ծրագրուած եւ հաւաքուած գումարը, որ պիտի ծառայէր արցախեան 44օրեայ պատերազմին զոհուած, կամ հաշմանդամ դարձած զինուորներու ընտանիքներուն։ Անոր կողքին, աշակերտները եւ ուսուցիչները իրենց քսակները տրամադրեցին՝ ապահովելով «յարգելի» գումար մը, ապահովելով ուտելիք եւ ամէնօրեայ անմիջական կարիքներ, որոնցմով խումբ առ խումբ շրջեցան նախապէս սերտուած եւ նշանակուած բնակարանները եւ յանձնեցին իրենց իսկ ջանքերով ապահովուած օժանդակութիւնը:
Բաշ Ապարան՝ զօրավար Դրոյի գերեզմանը այցելութեան առիթով, աշակերտները հայրենասիրական երգերով եւ սրտաբուխ խօսքերով հանդէս եկան եւ Տէրունական խմբային աղօթքով՝ ուխտեցին հաւատարիմ մնալ հայրենական եւ ազգային իրենց ինքնութեան եւ արժանապատուութեան:
«Փիլիպոս»ի աշակերտները եւ ուսուցիչները, հայրենի Արցախի անսպասելի կորուստին մեծ ցաւով տարուած, սակայն սրտի մեծ գոհունակութեամբ՝ կատարեցին «Փիլիպոս»ի մեծ ընտանիքի հոգեկան պարտքը հանդէպ Արցախի եւ արցախահայութեան:
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը, արժանավայել կեցուածքով եւ գործով, յարատեւօրէն հաւատարիմ կը մնայ՝ նուիրական ոգիով եւ գործով սպասարկելու իր ազգին ու հայրենիքին:
Յառաջանանք Հայկական Արցախի ազատագրման վերանորոգ ուխտով:
* Հայոց լեզուի դասատու