ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Պաղ պատերազմի աւարտէն ետք, Միջազգային յարաբերութիւնները երբեք բարդ չեն եղած այնքան, որքան ռուս-ուքրանական պատերազմի բռնկումէն ի վեր, երբ ականատես կ՛ըլլանք ոչ միայն հակադիր ճամբարներու պատկանող դաշնակից երկիրներուն միջեւ սուր պայքարի, այլեւ՝ նոյն դաշինքի երկիրներուն միջեւ շահերու բախման եւ անկէ ծնունդ առնող հաւանական նոր քաղաքական դիրքորոշումներու, որոնք կրնան սպառնալ նոյն այդ դաշինքներու լուծարման:
Այդպիսի բարդ քաղաքական դրսեւորումներու ականատես կ՛ըլլանք նոյնինքն Ուքրանիոյ ռազմադաշտին պարագային: Արեւմուտքը, Ամերիկայի առաջնորդութեամբ եւ Եւրոպական Միութեան մասնակցութեամբ ու աջակցութեամբ՝ սպառազինութիւն կը մատակարարէ Ուքրանիոյ: Այդ երկիրներուն մէջ կան ՆԱԹՕի անդամ երկիրներ եւ նոյնպէս նոյն այդ դաշինքէն Թուրքիա, որ, 2021ին Ուքրանիոյ յանձնեց Bayraktar TB2 անօդաչու թռչող սարքերու առաջին խմբաքանակը, իսկ աւելի ուշ ամերիկեան՝ պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանէն հրետանային տարանջատուող ռումբեր։
Մինչ միւս կողմէ Թուրքիա այլեւս չի թաքցներ Ռուսիոյ հետ իր սերտ քաղաքական յարաբերութիւնը, որ հիմնուած է զանազան երկկողմ տնտեսական շահերու վրայ, որոնցմէ կարեւորագոյնը ռուսական կազի՝ դէպի Թուրքիա անխափան հոսքի շարունակութիւնն է, ինչպէս նաեւ ռուսական S-400-ներու մատակարարումը, Akkuyu հիւլէակայանի կառուցման մենաշնորհը եւ այլ բազմաթիւ երկկողմ շահաւէտ գործարքները:
Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ այս անթաքոյց յարաբերութիւնը հաշտ աչքով չի դիտուիր Արեւմուտքին կողմէ. անոր ապացոյցը թուրք-ամերիկեան եւ Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւններու պարբերական պաղութիւնը եւ լարուածութիւնն է: Անկասկած, այդ պաղութեան արդիւնք է Ամերիկեան եւ Եւրոպական Միութեան այս տարուան Սեպտեմբերի համաձայնութիւնը Հնդկաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ-Սէուտական Արաբիա-Յորդանան-Իսրայէլ-Եւրոպա ծովային, երկաթուղային եւ ճանապարհային միջանցքը (India-Middle East-Europe Trade Route)՝ շրջանցելով Թուրքիան: Միւսը՝ Հնդկաստան-Իրան-Հայաստան-Վրաստան-Սեւ Ծով միջանցքը, նոյնպէս Թուրքիան կը շրջանցէ: Երկրորդ ծրագիրին իրականացումին Ռուսիան բնականաբար դէմ է, որովհետեւ այդ ձեւով ճանապարհին վերահսկողութիւնը եւ Իրանի կախուածութիւնը իրմէ պիտի նուազի, մինչ Եւրոպա եւ Արեւմուտքը երեւութապէս հակադրուած չեն, անոր, նկատի ունենալով Ռուսիոյ՝ Կովկասէն դուրս մղուիլը, որ յաւելեալ լծակ մըն է: Հնդկաստանի եւ Իրանի ալ շահագրգռութիւնը այս ծրագրով դարձեալ հասկնալի է նոյն՝ ռուսական գործօնէն կախեալ չըլլալու քաղաքականութեամբ:
Արցախէն 120,000 հայերու տեղահանութիւնը, դժբախտաբար, կատարուեցաւ աշխարհի աչքին առաջ եւ նոյն Արեւմուտքը ոչ մէկ ազդու միջամտութիւն ըրաւ՝ բացի անիմաստ դատապարտումներէ. նոյնիսկ ՄԱԿի դիտորդները Արցախ ժամանեցին, միայն անոր հայաթափումէն ետք, հայութեան նկատմամբ վիրաւորող դիտարկումներ յայտարարելով:
Միջազգային ընտանիքը եւ Արեւմուտքը, դժբախտաբար, հակամէտ էին Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ընդունման: Արցախի՝ Հայաստանին միացումը, որ արցախեան շարժման սկզբնական պահանջն էր, նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չէր ճանչցած եւ ընդունած՝ բոլոր իրերայաջորդ իշխանութիւններուն կողմէ, այլ փոխարինուած էր Արցախի անկախութեան եւ հանրապետութեան հռչակումով, որ թերեւս թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի իշխանութիւններուն վրայ ռուսական ուժային կառոյցներուն եւ սպասարկութիւններուն կողմէ պարտադրուած քաղաքականութիւն էր: Հայաստանի հետ իրողական միացումը եթէ իրականացած ըլլար թերեւս միջազգային ընտանիքը այս օրերուն զայն ամրապնդած ըլլար եւ պաշտօնապէս ընդունած։ Մինչ Արցախ անունով անկախ հանրապետութիւն բոլոր պատմութեան ընթացքին երբեք գոյութիւն չէր ունեցած, հետեւաբար անկարելի պիտի ըլլար զայն ընդունիլը եւ ճանչնալը, մանաւանդ ի տարբերութիւն Քոսովոյի, Արցախ Եւրոպայէն հեռու է եւ ռուսական ազդեցութեան գօտիին՝ Կովկասի մէջ, որուն պաշտպանութեան համար արեւմուտքը զինուորապէս չէր կրնար միջամտել:
Հայաստանի Հանրապետութեան պարագան Արցախէն կը տարբերի: Հայաստան ճանչցուած երկիր է, ՄԱԿի անդամ է եւ ազատ, ունի իր քաղաքական արեւելումը ընտրելու կարելիութիւնը, մանաւանդ երբ ինքզինք վտանգուած կը զգայ եւ իր աւանդական դաշնակիցին կողմէ լքուած: Ահա այս պայմաններուն եւ արեւմուտքի, արեւելք-արեւմուտք ճանապարհներու նկատմամբ շահագրգռութիւններու լոյսին տակ, հասկնալի կը դառնան հայ-ամերիկեան միացեալ՝ թէկուզ խորհրդանշական զինավարժութիւնները, որոնք տեղի ունեցան անցեալ ամսուան ընթացքին, նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ընդունիլը եւ Ատրպէյճանի բանակին Հայկական հողերէն քաշելու պահանջը, Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը Հայաստանին 2.6 միլիառ Եուրօ տրամադրելու (Կրանատայի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Ֆրանսա-Գերմանիա-Եւրոպական Միութիւն հանդիպումին ընթացքին, որուն մասնակցելէ հրաժարած էր Ալիեւը, 415 միլիոն Եուրօ որոշուեցաւ տրամադրել Սիւնիքի զարգացման համար) որոշումը եւ վերջապէս, Ֆրանսայի՝ Հայաստանի ռազմական պիտոյքներ եւ սպառազինութիւն հայթայթելու պատրաստակամութիւնը:
Ասոնց զուգահեռ, Հնդկաստանէն ռազմական սպառազինութեան ակնկալիքներու մասին տարաձայնութիւնները, իսկ Իրանի կողմէ բազմիցս յայտարարուած զգուշացումը Հայաստանի ներկայ սահմաններու Իրանի ազգային անվտանգութեան համար կարմիր գիծ ըլլալու մասին, առաւել Կապանի մէջ Իրանի հիւպատոսարանի բացումը, կու գան մեզի յուշելու մեր երկրի աշխարհաքաղաքական կարեւորութեան մասին եւ իմանալու՝ որ Կովկասի եւ տարածաշրջանին մէջ այսուհետեւ հիմնական դերակատարները միայն Ռուսերը եւ Թուրքերը չեն:
Արեւմուտքին կողմէ մեր տարածաշրջանով հետաքրքրութիւնը, սակայն, ամենեւին չի նշանակեր, որ մեր յոյսը պէտք է դնենք օտարներուն վրայ. պէտք է գիտակցինք, որ անոնք կ՛առաջնորդուին իրենց ազգային շահերէն, որոնք յարափոփոխ են: Այսուամենայնիւ անհրաժեշտ է հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարել, չնեղացնել եւ չթշնամանալ մեր աւանդական դաշնակիցին հետ, նոյն ատեն փորձել գտնել նաեւ այլ դաշնակիցներ, որոնց ազգային շահը կը համընկնի մեր շահերուն:
Դաշնակիցներուն առընթեր, անհրաժեշտ է անյապաղ զինուիլ առաւելագոյնը, անցնիլ երկրի պաշտպանութեան համար ամրաշինական ծրագիրներու իրականացման, աճապարել՝ որդեգրելու համար ազգ-բանակ համապարփակ դրութիւնը եւ պատրաստ ըլլալ վատագոյնին:
Ռուս-ուքրանական պատերազմը իր աւարտին հասնելու ոչ մէկ նշան ցոյց կու տայ, ընդհակառակը՝ մաշումի այդ պատերազմը կրնայ երկար տեւել, անդառնալիօրէն կործանելով առաջինը եւ հիւծելով երկրորդը, որմէ վստահաբար Թուրքիա եւ Ատրպէյճան պիտի փորձեն մեր տարածաշրջանին մէջ առաւելագոյնը ստանալ:
Ըլլանք զգօն եւ պատրաստ ամէն անակնկալի, սակայն, անոր համար մեր ներքին իրավիճակի կայունացումը նախապայման է: Մենք տակաւին կը յամառինք զիրար մեղադրել փոխանակ ձգտելու միասնականութեան:
Պառակտուած ազգը չի կրնար դիմագրաւել արտաքին վտանգները: Եթէ շարունակենք մեր այս ընթացքը, պէտք է ապաւինինք միայն մեզի համար աշխարհաքաղաքական բարենպաստ դասաւորումներու յոյսին՝ զերծ մնալու համար մեծագոյն աղէտէն, որ պետութեան կորուստն է եւ նոր ցեղասպանութիւն մը: