Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարութեան մը միջոցաւ յայտնեց, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը Մարտակերտի շրջանին մէջ դիտակէտ մը եւս փակեց` նշելով, որ կազմաքանդումը դիտակէտերու բարենպաստ պայմաններու ստեղծման (օպտիմալացման) ծիրին մէջ է:
Խաղաղապահներու գործունէութեան մասին ամէնօրեայ տեղեկագիրին մէջ կ՛ըսուի, որ ռուս խաղաղապահներուն մասնակցութեամբ կը շարունակուին աշխատանքները «Լեռնային Ղարաբաղի բնակեցուած շրջանները ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարման վերականգնման ուղղութեամբ»:
Խաղաղապահները իրենց պատասխանատուութեան գօտիին մէջ «զինադադարի խախտումներ չեն արձանագրած»:
«Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ առաջադրանքներ իրականացնել Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ. Պաքուի հետ շարունակական փոխգործակցութիւնը կը պահպանուի` արիւնահեղութեան կանխման, ապահովութեան երաշխաւորման եւ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ մարդասիրական իրաւունքի պահպանման նպատակով», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։