Հայկական կողմը «չի հրաժարիր քաղաքական շահարկումներէ եւ խեղաթիւրուած մեկնաբանութիւններէ», յայտնեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` վկայակոչելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի`10 Հոկտեմբերի Հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցը:
Կրկնելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի աւելի կանուխ կատարած յայտարարութիւնը, թէ՝ 20 Սեպտեմբերէն ետք խաղաղութեան հաստատման մեծ կարելիութիւններ կան` նախարարութիւնը կը պնդէ՝ ըսելով. «Կ՛ակնկալենք, որ Հայաստան զերծ պիտի մնայ միջամտութենէ եւ տարածքային պահանջներէ մեր երկրի եւ այլ դրացիներու նկատմամբ»:
Օր մը առաջ, Փաշինեան յայտարարած էր, թէ Ատրպէյճան կը բարձրացնէ 8 գիւղերու հարց` աւելցնելով, որ Հայաստանն ալ 8 գիւղերու հարց ունի:
«Որովհետեւ նոյն Տաւուշի մարզում ունենք Ադրբեջանի կողմից օկուպացուած (գրաւուած տարածքներ` Բերքաբեր գիւղում, Այգեհովիտում, Վազաշենում, Պառաւաքար գիւղերում, այլ տարածքներում նոյնպէս: Մենք այդ հարցի լուծումն առաջարկել ենք դեռեւս 2021ին եւ ասել ենք` եկէք որոշենք, թէ որն է դելիմիտացիայի (սահմանազատման) քարտէզը, այդ սահմանի գծից զօրքերը հայելային յետ քաշենք», ըսած էր Փաշինեան։
Պաշտօնական Պաքու «բացարձակ սուտ» որակեց Փաշինեանի պնդումը, թէ Ատրպէյճան հայկական որոշ գիւղեր գրաւած է: «Այսպիսով Երեւան կ՛ուզէ արդարացնել ատրպէյճանական 8 գիւղերու բռնագրաւումը: Հայաստան, հակառակ միջազգային իրաւունքի բոլոր սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքը, բռնագրաւած է Ատրպէյճանի 8 գիւղեր», կ՛ըսուի Պաքուի յայտարարութեան մէջ։
Սահմանագծման հարցին վերաբերեալ վարչապետը խօսեցաւ, օրինակ, 1975ի քարտէսները հիմք ընդունելու մասին:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ 1975ի քարտէս գոյութիւն չունի: «Ընդհանուր առմամբ, ըստ փորձի, սահմանազատման գործընթացը միայն քարտէսներու հիման վրայ չի կատարուիր: Եւ որպէսզի այդ քարտէսներուն յղում ըլլան, անոնք պէտք է հիմնուած ըլլան միջազգային իրաւական փաստաթուղթերու վրայ` ներառեալ երկու երկիրներուն կողմէ այս կամ այն ձեւով հաստատուած: Իր տարածքային յաւակնութիւններուն պատճառով, Հայաստան տակաւին չէ սահմանազատած իր սահմանները դրացիներէն որեւէ մէկուն հետ, եւ այն պնդումը, որ սահմանազատումը պէտք է իրականացուի միայն մէկ քարտէսի հիման վրայ, ինչպէս կը պնդէ Հայաստան, կը հակասէ որեւէ տրամաբանութեան», կը նշուի ատրպէյճանցիներուն վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Ասոր զուգահեռ, ատրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հաղորդեց, որ «Հայաստան պէտք է ընտրութիւն կատարէ տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ իր դրացիներուն նկատմամբ անօրինական ու անհիմն տարածքային պահանջներուն միջեւ»:
«Պաքու, դրսեւորելով ռազմավարական համբերութիւն, տասնամեակներով բանակցած է իր տարածքի բռնագրաւումը դադրեցնելու, միջազգային կազմակերպութիւններու որոշումները կեանքի կոչելու եւ միջազգային իրաւունքի ապահովման ուղղութեամբ», ըսած է Պայրամով: