Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթավերջին հերքեց «Փոլիթիքօ»ի հրապարակած այն լուրը, ըստ ուրուն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիրներու հետ 3 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած զրոյցի մը ընթացքին նախազգուշացուցած էր, թէ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Ատրպէյճան կրնայ Հայաստան ներխուժել:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր «Արմէնփրէս»ին տուած մեկնաբանութեան մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Միացեալ Նահանգները վճռականօրէն կ՛աջակցի Հայաստանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: Մենք ընդգծած ենք, որ այդ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում պիտի յանգեցնէ լուրջ հետեւանքներու: Այս յօդուածի տեղեկութիւնը սխալ է եւ ոչ մէկ ձեւով կ՛արտացոլացնէ այն, ինչը արտաքին գործոց նախարար Պլինքընը ըսած է օրէնսդիրներուն», յայտնեց Միլըր:
Հակառակ այս հերքումին, «Փոլիթիքօ» յայտարարեց, թէ իր հաղորդած տեղեկութիւնը ճշգրիտ է եւ հաստատուած է առնուազն երկու աղբիւրներու կողմէ։
Նշենք, որ Քոնկրեսի հայկական համախմբումի անդամ Պրետ Շըրմըն իր X-ի ցանցին վրայ զետեղած է «Փոլիթիքօ»ի նշեալ յօդուածը, իսկ համախմբումի ատենապետ Ֆրենք Փալոն ազդարարած է, թէ Ալիեւ յառաջ կը տանի Հայաստանի հարաւային շրջանները եւս գրաւելու ծրագիրը։