ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ՀՄԸՄի 13րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն առընթեր, Չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբերի կէսօրին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը պարգեւատրեց Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանէն վաստակաշատ երկու ՀՄԸՄականներ՝ Մարօ Քէշիշեանը եւ. տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեանը, որոնք արժանացան միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին, ՀՄԸՄի ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի ձեռամբ, իրենց երկարամեայ վաստակին եւ անսակարկ նուիրումին համար։
Այս առիթով, պարգեւատրեալները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին ՀՄԸՄին, որուն անդամակցելու եւ ծառայելու պատիւը ունեցած են։
Մարօ Քէշիշեան 1967ին անդամակցած է ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին՝ իբրեւ արենոյշ եւ այնուհետեւ իր աշխատասիրութեան եւ հետեւողականութեան շնորհիւ, հերթաբար արժանացած է սկաուտական բոլոր կարգերուն եւ աստիճաններուն՝ վարիչ առաջնորդէն մինչեւ մասնաճիւղի խմբապետ ու շրջանային խմբապետուհի։ 1984ին, փոխադրուելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ փոխանցուած է ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը, ուր մասնաճիւղին օգտակար հանդիսացած է կազմակերպչական աշխատանքներով։ Նշանակուած է ՀՄԸՄի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի անդամ եւ շրջանային խմբապետուհի ու բազմիցս ընտրուած է Շրջանային վարչութեան անդամ։ Երկար տարիներ կատարած է նաեւ շրջանիս ՀՄԸՄի աշխատանքներու թղթակցութիւնները։
Ան նշանակուած է ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Համագաղութային Սկաուտական Առաջին Ընդհանուր բանակումի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ եւ նոյն բանակումի փոխխմբապետուհի, այնուհետեւ բազմիցս մասնակցած է ՀՄԸՄի Համագաղութային եւ ՀամաՀՄԸՄական Սկաուտական Ընդհանուր բանակումներուն, մաս կազմելով անոնց խմբապետական կազմերուն։
Քէշիշեան ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ գործուղղուած է Հայաստան եւ իր կարեւոր ներդրումը բերած է Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄի եւ մասնաճիւղերու հիմնադրութեան, ինչպէս նաեւ անոնց սկաուտական բաժանմունքի կազմակերպչական աշխատանքներուն։ Ան արժանացած է Միջազգային սկաուտութեան Wood badge-ին եւ անոր երեք տախտակներուն, բազմաթիւ անգամներ մասնակցած է ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Ներկայացուցչական ժողովներուն եւ ձեռնհասօրէն ստանձնած է դիւանի պարտականութիւնները։ Քոյրը նաեւ բազմաթիւ անգամներ մասնակցած է ՀՄԸՄի Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովներուն։
Քէշիշեան արժանացած է 37րդ Նաւասարդեանի «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսին, ինչպէս նաեւ 2018ին պարգեւատրուած է ՀՄԸՄի «Ծառայութեան» շքանշան»ով:

Ան ՀՄԸՄի ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութեան կողմէ գործուղուած էր Արցախ՝ վերակազմակերպելու ՀՄԸՄի Արցախի սկաուտական շարքերը: Ներկայիս, ան ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի անդամ է, ուր կը շարունակէ իր նուիրեալ գործունէութեամբ մեծ ներդրում բերել եւ նպաստել շրջանի վերելքին:
Տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան 6 տարեկանին արդէն անդամակցած է ՀՄԸՄի իր ծննդավայր Պէյրութի սկաուտական բաժանմունքին, նախ՝ իբրեւ գայլիկ, ապա հասած է Պէյրութի մասնաճիւղի խմբապետի պաշտօնին, 1970ականներուն: Դարձեալ իր ծննդավայրին մէջ, ան եղած է ՀՄԸՄի պասքեթպոլի «Կամք» խումբի մարզիկ: Իր խմբապետութեան տարիները կը զուգադիպէին ՀՄԸՄի՝ համաշխարհային կազմակերպութեան մը վերածուելուն: Այդ օրերուն, Ենիգոմշեան մաս կազմած է առաջին սկաուտական կանոնագիրը մշակելու կոչուած յատուկ յանձնախումբին: Ան նաեւ մասնակցած է ՀՄԸՄի բազմաթիւ ընդհանուր բանակումներու եւ խորհրդաժողովներու, միաժամանակ մաս կազմելով Կեդրոնական վարչութեան մէկէ աւելի յանձնախումբերու:
Ջերմօրէն փարած ՀՄԸՄի սկզբունքներուն՝ Ենիգոմշեան Միացեալ Նահանգներու մէջ եւս գործնապէս ստանձնած է պատասխանատուութիւններ՝ վարչութիւններու թէ զանազան յանձնախումբերու մէջ: Իր նախասիրած աշխատանքին բնագաւառը եղած է նոր սերունդի դաստիարակութիւնը եւ այս ծիրին մէջ, ան կարեւոր բաժին բերած է միութեան ռազմավարական ծրագրումի աշխատանքներուն մէջ: Եղբայրը մասնակցած է ՀՄԸՄի բազմաթիւ Շրջանային Ներկայացուցչական եւ Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովներու: Ան նաեւ հեղինակ է ՀՄԸՄի մասին բազմաթիւ յօդուածներու՝ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին եւ հայկական այլ թերթերու մէջ:
Տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան արժանացած է 42րդ Նաւասարդեանի «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսին եւ իր անսակարկ նուիրումով միշտ սատար հանդիսացած է միութեանս վերելքին:
Շրջանային վարչութիւնը կը շնորհաւորէ Մարօ Քէշիշեանը եւ. տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեանը «Արժանեաց» շքանշանին արժանանալուն առիթով, ջերմօրէն հաւատալով, որ իրենց նուիրումը օրինակ պիտի հանդիսանայ բոլո՛ր ՀՄԸՄականներուն համար:
ՀՄԸՄ-Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ