Վերջերս Ֆրանսայի Ծերակոյտի յանձնաժողովին մէջ տեղի ունեցած 2024 տարեշրջանի պիւտճէի քննարկման ընթացքին, Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարար Սեպասթիէն Լըքորնիւ ըսաւ, որ Ֆրանսա Հայաստանին պիտի վաճառէ պաշտպանական զէնքեր: Ան չյայտնեց, թէ ի՛նչ սպառազինութիւն պիտի մատակարարէ, որովհետեւ այդ հարցը տակաւին պէտք է ճշդուի Երեւանի հետ, հաւանաբար այս շաբաթ:
Ան նշեց, թէ պիտի մատակարարուի խստիւ պաշտպանական սպառազինութիւն, որ պիտի օգնէ Հայաստանին պաշտպանել կեանքեր եւ երաշխաւորել երկրի տարածքի ապահովութիւնը:
Լըքորնիւ նաեւ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ արդէն կը գործէ Ֆրանսայի մնայուն պաշտպանական առաքելութիւնը: Ռազմական կցորդը, ըստ Լըքորնիւի, փորձառու գնդապետ է եւ կարեւոր աշխատանք կը տանի: