«Ազատութեան» լրագրող Ռուզաննա Ստեփանեան յօդուածով մը կը բացայայտէ, թէ ինչո՛ւ եւ ի՛նչ պայմաններու մէջ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան ստորագրեց Արցախը մինչեւ 1 Յունուար լուծարելու հրամանագիրը՝ նշելով, որ Երեւան գտնուող Շահրամանեան ցարդ այս մասին որեւէ պարզաբանում չէ տուած:
Մինչդեռ, հրամանագիրի ստորագրութենէն եւ արցախահայերու բռնի տեղահանութենէն ետք, արցախցի կարգ մը պաշտօնեաներ փակագիծեր բացին: Ըստ Ազգային ժողովի իշխող «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Յարութիւնեանի տուեալներուն` 19 Սեպտեմբերին Արցախի վրայ լայնածաւալ յարձակումէն ետք, Պաքու վերջնագիր ներկայացուց Արցախի իշխանութիւններուն` սպառնալով, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կը մտնեն նաեւ Ստեփանակերտ:
«Յստակ Ադրբեջանի կողմից ե՛ւ հանրային տիրոյթում, ե՛ւ փակ ռեժիմով (դրութեամբ) ներկայացուել է այդ պահանջը, որ պէտք է ընդունուեն մեր պայմանները, հակառակ դէպքում մենք շարունակելու ենք եւ մտնելու ենք Ստեփանակերտ, եւ ես, անկեղծ ասած, տեսնելով` ինչ կատարւում է, կարծում եմ, որ այդպէս էլ եղել է իրենց ռազմավարութիւնը», ըսաւ ան:
Արցախի ներքին գործոց նախարարի բանբեր Յունան Թադեւոսեան եւս «Ազատութեան» հետ զրոյցի մը ընթացքին պատմեց, որ այլ ելք չկար, հազարաւոր մարդոց կեանքը փրկելու համար Արցախի իշխանութիւնները ենթարկուեցան Ատրպէյճանի կողմէ պարտադրուած պայմաններուն:
«Ես չեմ կարծում, որ բանը հասել է նրան, որ նախագահին զէնքի գործադրմամբ վախեցնեն, որ նա ստորագրի: Տեսէք` ինն ամիս Արցախը նախքան այդ ռազմական գործողութիւնները եղել է շրջափակման մէջ, Արցախում կատարեալ սով էր, վառելիք չկար նոյնիսկ, շարժը բոլորս ոտքով էինք կատարում, եւ շատ ծանր ու դժուար օրեր ենք ապրել:
Ռազմական գործողութիւնների ընթացքում մի քանի անգամ, եթէ կը յիշէք, հայկական կողմը` արցախեան կողմը, դիմեց, որ դադարեցնեն կրակը, բանակցութիւնների շուրջ հաւաքուենք, որովհետեւ անընդհատ գիւղեր էին գրաւում, անընդհատ զոհեր էինք ունենում, բայց ադրբեջանական կողմը շարունակում էր կրակել: Եւ գիւղեր էին գրաւում, այնտեղ մնացած մարդկանց էին խոշտանգում, մի խօսքով` դա բոլորը գիտեն, եւ արդէն այլ ելք չկար, քան ստիպուած գոնէ ունեցածը պահելու համար, մարդկային կեանքը խնայելու համար ենթարկուել ադրբեջանական բարձրացրած խնդիրներին», պատմեց Թադեւոսեան:
Արցախի խորհրդարանական ընդդիմութիւնը առ այժմ հրաժարեցաւ խօսիլ նախագահ Շահրամանեանի հրամանագիրի պատճառներուն մասին: Ընդդիմադիր «Արդարութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Գալստեան ըսաւ, թէ «ժամանակը կը գայ, եւ շատ փակագծեր կը բացուեն»՝ աւելցնելով, որ այս պահուն ինքնիրեն իրաւունք չի վերապահեր որեւէ բան ըսել:
Լրագրող Ստեփանեան կը գրէ, որ Արցախը լուծարելու վերաբերեալ հրամանագիրի բուն բնագիրը նախագահի ստորագրութեամբ չէ հրապարակուած: 28 Սեպտեմբերին զայն տարածեց Արցախի տեղեկատուական շտապի «Ֆէյսպուք»ի էջը: Պարզ չէ, թէ 2 կէտերէ բաղկացած այդ փաստաթուղթը ճիշդ ե՛րբ, ո՛ւր եւ որո՛ւ ներկայութեան ստորագրուած է:
Մինչեւ 1 Յունուար, պետական բոլոր հիմնարկները լուծարելէ բացի, հրամանագիրի 2րդ կէտին մէջ, Արցախի բնակչութեան կոչ կ՛ուղղուի՝ ծանօթանալու Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած վերահամարկման պայմաններուն` հետագային Ղարաբաղի մէջ մնալու կամ վերադառնալու հնարաւորութիւնը ինքնուրոյն որոշելու նպատակով:
«Արցախը լուծարելու տեքստի հրապարակումից մօտ մէկ շաբաթ առաջ էլ` Սեպտեմբերի 20ին, այսինքն` Արցախի վրայ Ադրբեջանի լայնածաւալ յարձակման հէնց յաջորդ օրը, Արցախի իշխանութիւնները մէկ այլ յայտարարութիւն տարածեցին, տեղեկացնելով, թէ «հաշուի առնելով ստեղծուած ծանր իրավիճակը»` ընդունում են ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան հրամանատարութեան առաջարկութիւնը կրակի դադարեցման վերաբերեալ: Ընդ որում, կրակի դադարեցման 3 կէտից բաղկացած պայմանները հրապարկուեցին միայն ռուսերէնով, որտեղ նշւում էր, որ պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուել ամբողջութեամբ զինաթափել եւ լուծարել Արցախի պաշտպանութեան բանակը, ինչպէս նաեւ ռուսական զօրակազմի տեղակայման վայրից հանել «Հայաստանի զինուած ուժերի մնացեալ ստորաբաժանումները: Թէ ինչպէս էր կրակի դադարեցման տեքստում տեղ գտել Հայաստանի զինուած ուժերի վերաբերեալ վիճայարոյց ձեւակերպումը, Արցախի ղեկավար կազմն այս դրուագին եւս չի անդրադարձել: Հայաստանի իշխանութիւները, այդ թւում` վարչապետ Փաշինեանը բազմիցս հերքել են Բաքուի մեղադրանքները, թէ Լեռնային Ղարաբաղում Հայաստանի զինուած ուժերի ստորաբաժանումներ կան», կը յայտնէ Ստեփանեան: