Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Մարկարիթիս Սխինաս յայտնեց, որ «Թուրքիա պէտք է որոշէ, թէ Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕի՞ հետ պիտի ըլլայ, թէ՝ Ռուսիոյ, Իրանի, «Համաս»ի ու «Հըզպալլա»ի»` աւելցնելով. «Պատասխանը պէտք է շատ յստակ ըլլայ»:
«Ցնցիչ էր «Համաս»ի կողմէ Իսրայէլի պետութեան եւ անմեղ մարդոց դէմ կատարուած դաժան բազմակողմ ահաբեկչութիւնը: Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր 27 երկիրները առաջին իսկ պահէն միաձայնութեամբ ճանչցան Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը, դատապարտեցին ահաբեկչութիւնը եւ բարձրաձայն յայտարարեցին, որ ահաբեկչութիւնը արդարացում չունի: Թուրքիա պէտք է ընտրէ, թէ պատմութեան ո՛ր կողմը կ՛ուզէ ըլլալ:
Ան նաեւ նշեց, որ Թուրքիա Եւրոպայի եւ շրջանին մէջ կայունութեան հիմնական գործընկեր է այնպիսի ոլորտներու մէջ, ինչպէս՝ գաղթը եւ առեւտուրը:
Անդրադառնալով Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումներուն` ան ըսաւ, որ անոնք լաւատեսութիւն կը սերմանեն`դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ թուրք-եւրոպական գործընկերութեան ամբողջ ներուժը բանալու հարցին մէջ` աւելցնելով. «Անոնց իրականացման համար անհրաժեշտ է հետեւողականութիւն»: