«Պի.Պի.Սի.»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահի ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով յայտնեց, թէ Պաքու Սիւնիքը կը ճանչնայ իբրեւ Հայաստանի գերիշխան տարածք՝ պատասխանելով Սիւնիքի գրաւման սպառնալիքի վերաբերեալ Հայաստանի մտահոգութիւններուն մասին հարցումի մը:
«Մենք կ՛ընդունինք, որ Սիւնիքը Հայաստանի գերիշխան տարածքն է: Սակայն մեզի համար կարեւոր է իմանալ, թէ միւս կողմը ինչպէ՛ս պիտի ապահովէ միջանցքի երթեւեկութեան ապահովութիւնը», ըսաւ Ամիրպեքով:
«Մեզի անհրաժեշտ են ապահովութեան յուսալի երաշխիքներ իւրաքանչիւր ուղեւորի, որ գնացք պիտի նստի Ատրպէյճանի հիմնական հատուածէն Նախիջեւան կամ հակառակ ուղղութեամբ», ըսաւ Ամիրպեքով՝ աւելցնելով, որ Պաքու պատրաստ է բանակցութիւններու, սակայն եթէ Հայաստան որոշէ ձգձգել հոլովոյթը, Ատրպէյճանը պատրաստ է երթուղի հարթելու Իրանի տարածքով: