
ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 27 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Echoes of Kef Time («Քեֆի Արձագանգներ») ֆիլմին ցուցադրութիւնը:
Ֆիլմին ցուցադրութենէն ետք, բեմադրիչ Աւօ Ճան Քամպուրեան պիտի առաջնորդէ ֆիլմին շուրջ տեղի ունենալիք քննարկումը։
Ֆիլմը պիտի ցուցադրուի համալսարանին Գործարարական բաժանմունքին «Փիթըրզ» կեդրոնի սրահին մէջ, թիւ 191 (5245 N. Backer Ave.)։
Լոս Անճելըս ծնած Քամպուրեանի ֆիլմը յայտնի ուտահար Ռիչըրտ Յակոբեանի երաժշտութեան եւ զայն յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու ջանքերուն մասին է։ «Վերապրումի Արձագանգներ» (Echoes of Survival) ընդհանուր խորագիրին տակ, Քամպուրեան նախապէս արտադրած է վաւերագրական կարճ ֆիլմերու շարք մը, նուիրուած՝ խումբ մը ամերիկահայ արուեստագէտներու եւ անոնց ստեղծագործութիւններուն մէջ հայ ինքնութեան ունեցած դերակատարութեան։
Մուտքը ազատ է, սակայն տեղերը սահմանափակ են, իսկ համալսարանին մօտակայ կանգառները այդ ժամերուն կարելի է ձրիաբար օգտագործել:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը: