Ատրպէյճանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Ճէյհուն Պայրամով եւ Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան հանդիպում ունեցն եւ քննարկեցին համագործակցութեան հարցեր, կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ըստ ատրպէյճանական կողմի պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ Ճետտայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, անոնք խօսեցան երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան, շրջանային հարցերու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի կացութեան մասին:
Ըստ նոյն աղբիւրին, Պայրամով մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթի օրակարգի հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ գործողութիւններու մասին»:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Իրանի բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մոհամետ Պաքերիի հետ:
Ըստ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան՝ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան եւ ապահովութեան երկկողմ եւ շրջանային հարցեր` յատկապէս տարածաշրջանին մէջ վերջին իրադարձութիւններու լոյսի տակ: