Պաքու քննադատեց Հոլանտայի (Նետերլանտներ) խորհրդարանի որոշումը, որուն միջոցաւ օրէնսդիր մարմինը թագաւորութեան գործադիր մարմինին կոչ կ՛ուղղէ` դրականօրէն արձագանգելու Հայաստանին սպառազինութիւն տրամադրելու խնդրանքին, կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ըստ Հոլանտայի հայկական կազմակերպութիւններու դաշնակցութեան՝ հոլանտացի երեսփոխանները կառավարութենէն նաեւ կը պահանջեն յստակացնել, թէ առաւել քան 9 ամիսներ տեւած շրջափակումէն եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու յարձակումէն ետք, Արցախէն հայերու արտագաղթը կը մտնէ՞ ցեղային զտումներու սահմանումին տակ:
«(Փաստաթուղթը) ապակառուցողական է եւ մեր շրջանը կը մղէ ռազմականացման, այլ ոչ թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ հաշտեցման», ըսաւ Հոլանտայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ռախման Մուսթաֆայեւ:
«Ազատութիւն»ը կը յիշեցնէ, որ Ատրպէյճան Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ Հոլանտայի դաշնակից Իտալիոյ հետ տակաւին վերջերս զինուորական օդանաւերու ձեռքբերման գործարք կնքած է, մինչ այդ ալ` սպանական ռատարներ ձեռք բերած է Սպանիայէն, իսկ Չեխիայէն եւ Սլովաքիայէն թնդանօթներ, զորս ստացած է Իսրայէլի միջոցով: