Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Գերմանիոյ Պունտեսթաքի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Միխայէլ Ռոթ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, ինչպէս նաեւ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը Հայաստանի մօտ Գերմանիոյ դեսպանատան մէջ:
Փաշինեանի հետ հանդիպումին ընթացքին, կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ խորհրդարաններուն միջեւ համագործակցութեան եւ երկխօսութեան շարունակական զարգացումը եւ ամրապնդումը: Փաշինեան անդրադարձաւ տարածաշրջանի գործընթացներուն, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուած ցեղային զտման քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք առաւել քան 100,000 արցախահայերու բռնի տեղահանութեան եւ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին:
Ռոթ դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ իրականացուած ցեղային զտման քաղաքականութիւնը եւ տեղւոյն հայութեան բռնի տեղահանութիւնը:
Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան, Հայաստանի մէջ Եւրոպական քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:
Ռոթ դիտել տուաւ, որ միջազգային հանրութեան կողմէ Ատրպէյճան այլեւս չի դիտարկուիր իբրեւ վստահելի գործընկեր, մանաւանդ որ անիկա խախտեց Արցախի վրայ չյարձակելու իր խոստումը: Ռոթ շեշտեց, որ ամէն ինչ պէտք է ընեն, որպէսզի գործընթացը տեղի ունենայ բանակցային սեղանի շուրջ, եւ ձեռք բերուի կենսակայուն խաղաղութիւն, որ պիտի երաշխաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը:
Ռոթ յայտարարեց, որ ձախողեցաւ Եւրոպական Միութեան վարած հաւասարակշիռ քաղաքականութիւնը՝ երիտասարդ եւ ժողովրդավարական Հայաստանի եւ հարուստ ու մենատէր Ատրպէյճանի նկատմամբ, ինչ որ կը նշանակէ, որ «պէտք է վերաձեւակերպենք մեր քաղաքականութիւնը, այսինքն՝ ունենանք յստակ դիրքորոշում, այն է՝ ինչպիսի՞ դիրքորոշում ունենք այդ երկու երկիրներուն նկատմամբ»:
Ըստ անոր՝ եթէ Ատրպէյճան չդադրեցնէ իր թշնամական եւ հրահրող քաղաքականութիւնը, անշուշտ, պիտի կիրարկուին պատժամիջոցներ Ատրպէյճանի վարչակարգին դէմ: