

Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էինք՝ Հայաստան եւ Ֆրանսա Երկուշաբթի, 23 Հոկտեմբերին ստորագրեցին ռազմական ոլորտի մէջ համագործակցութեան համաձայնագիրներ, ըստ որոնց, ֆրանսական կողմը օդային եւ ցամաքային ռազմական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին, որուն պիտի մատակարարէ 3 GM200 ռատարներ եւ Mistral հրթիռներ, ինչպէս նաեւ պիտի օգնէ ուսումնասիրելու ու հասկնալու` որո՛նք են Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան խոցելի կէտերը:
Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարար Սեպասթիէն Լըքորնիւ դիտել տուաւ, որ Հայաստան պէտք է պաշտպանուելու եւ իր բնակչութիւնը պաշտպանելու կարողութիւնները ունենայ: Ան հայերէնով մանրամասնեց, թէ ինչպէ՛ս պիտի օգնեն Հայաստանի պաշտպանութեան՝ դիտել տալով, որ անոր համար Փարիզ յառաջիկային Երեւան պիտի գործուղէ իր սպայական կազմի ներկայացուիցչներէն մէկը, որ խորհուրդներ պիտի տայ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, պիտի աշխատի սպայական եւ ենթասպայական ուսումնական հաստատութիւններուն հետ` լեռնային պայմաններու մէջ պայքարի հմտութիւնները բարելաւելու համար:
«Մենք կը պահպանենք մեր պաշտպանական յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, թէեւ նոյն ռազմական եւ քաղաքական դաշինքներուն մաս չենք կազմեր: Անոնք հիմնուած են պարզ սկզբունքի մը վրայ` պէտք է կարենալ ինքզինք պաշտպանել», շեշտեց Լըքորնիւ։
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ տակաւին յստակ չէ այս գործարքին գինը, զինատեսակներու մատակարարման ձեւը եւ ժամկէտը: Իսկ թէ ի՛նչ կարելիութիւններ կու տան անոնք Հայաստանին՝ GM 200 ռատիոտեղորոշիչ կայարանները լայնօրէն կ՛օգտագործուին Ֆրանսայի զինուած ուժերուն մէջ, եւ ոչ միայն: «Մենք այս ռատարները վերջերս վաճառեցինք Ուքրանիոյ՝ իբրեւ աջակցութեան ծրարի մաս: Անոնք բացարձակ ճշգրիտ տեղորոշման ու վերլուծելու կարողութիւններ ունին», յայտնեց Լըքորնիւ:
Ռատարներ արտադրող ֆրանսական Thales ընկերութիւնը զանոնք կը բնորոշէ իբրեւ մարտի դաշտին մէջ խաղի կանոնները փոխող զինատեսակ, որ կրնայ օդին մէջ եւ ցամաքի վրայ թիրախները յայտնաբերել, նաեւ՝ անօդաչու թռչող սարքեր եւ հրթիռային համակարգեր:
«Ասիկա բազմագործառոյթ ռատար է: Հակաօդային պաշպանութիւն կը կատարէ, կը ճշդէ վայրը ամէն թռչող բանի՝ առաւել քան 250 քիլոմեթր շառաւղով, եւ այդ՝ գերճշգրտութեամբ: Ռատարը տեղորոշումեվ կրնայ գտնել երկինք-երկիր հրթիռային համակարգեր: Երրորդ գլխաւոր առաւելութիւնը` զինուորականները կը նախազգուշացնէ հրթիռա-հրետակոծութիւններու մասին», ըսաւ Thales ընկերութեան ներկայացուցիչը:
Փարիզ այս համակարգերէն 2 հատ վաճառած է Քիեւին։
Յետ-խորհրդային երկիրներէն նաեւ Մոլտովան ձեռք բերած է GM 200 ռատարներ: Ֆրանսական այս ռատարներէն ունին նաեւ Հոլանտան եւ Նորվեկիան: Ըստ բաց աղբիւրներու տուեալներուն` այս համակարգի մօտաւոր արժէքը 14 միլիոն եուրօ է: Դարձեալ ըստ նոյն աղբիւրներուն, համակարգը շատ արագ կը գործէ` տեղակայումէն տասը վայրկեան ետք։
Mistral հրթիռները, որոնց մասին եւս կողմերը համաձայնագիր կնքեցին, հակաօդային պաշտպանութեան համար են: Տակաւին յստակ չէ, թէ Հայաստան քանի՛ նման համակարգեր գնած է։
Այս հրթիռները կրնան մինչեւ 8 քիլոմեթր հեռահարութեամբ թիրախներ խոցել: Ըստ հրթիռներ արտադրող ընկերութեան` Mistral-ները գրեթէ 100 տոկոսի արդիւնք կ՛ապահովեն եւ փոքր հեռահարութեան միւս բոլոր հրթիռներէն աւելի բարձր յուսալիութիւն ունին: Այս պարագային եւս գործարքի արժէքը յայտնի չէ, սակայն Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը ամիսներ առաջ յայտարարեց, որ Mistral-ները շուրջ 500 հազար եուրօ կ՛արժեն:
23 Հոկտեմբերի համաձայնագիրը առաջինն էր, զոր Հայաստան կնքեց ՆԱԹՕի անդամ արեւմտեան երկրի մը հետ` Ռուսիայէն հիասթափութեան եւ հայ-ռուսական լարուածութեան լոյսին տակ:
Պաքու խստօրէն քննադատեց Հայաստան-Ֆրանսա այս գործարքը եւ պնդեց, թէ այդպիսով Փարիզ կը խախտէ տարածաշրջանի ռազմական հաւասարակշռութիւնը:

ՍՈՒՐԷՆ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ
Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան նաեւ այցելեց Ֆրանսայի Ծերակոյտը, ուր հանդիպումներ ունեցաւ փոխնախագահ Փիեռ Ուզուլիասի, արտաքին յարաբերութիւններու, պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու յանձնաժողովի նախագահ Սետրիք Փերանի եւ Ծերակոյին Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահ Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազի հետ:
Ըստ Պապիկեանի քննարկուեցան հայ-ֆրանսական երկկողմ պաշտպանական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: «Սենատորները պատրաստակամութիւն են յայտնել` շարունակելու աջակցութիւնը հայ-ֆրանսիական համագործակցութեան զարգացմանը: Հանդիպման ընթացքում քննարկուել են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեանն առնչուող հարցեր», գրած է Պապիկեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ։