«Զանգեզուրի միջանցք» նախագիծը այլեւս գրաւիչ չէ Պաքուի համար: «Politico»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:
Ան ըսաւ, որ Պաքու օրակարգէն չի հաներ «Զանգեզուրի միջանցք» նախագիծը, սակայն անիկա հիմա գրաւիչ չէ, որովհետեւ նման նախաձեռնութիւններ կարելի է մշակել Իրանի հետ:
«Նախագիծը տակաւին սեղանին է, բայց հայկական կողմը պէտք է ցոյց տայ, որ իսկապէս շահագրգռուած է անորմով», ըսաւ Հաճիեւ՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճան չի ծրագրեր գրաւել Սիւնիքը:
Ասոր զուգահեռ, Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող «Մետաքսի ճանապարհ» ֆորումին ընթացքին Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով յայտարարեց, որ Ատրպէյճան պատրաստ է բանալ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնները, եթէ հայկական կողմը փափաք յայտնէ:
«Ատրպէյճան շատոնց յայտնած է իր դիրքորոշումը եւ կ՛աշխատի հաղորդակցութիւններու բացման հարցին շուրջ՝ 2020ի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն: Մենք կը փափաքին բաց հաղորդակցութիւններ. բայց ասիկա միայն մեզմէ կախեալ չէ: Եթէ ??հակառակ կողմը (Հայաստան) այդ մէկը ուզէ, մենք պատրաստ ենք անոր», յայտնեց Ասատով: