ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ռատիքալ»ի մէջ Թարըք Ըշըքի ստորագրութեամբ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4ին հրատարակուած է թղթակցութիւն մը, որուն մէջ հեղինակը կը հրապարակէ, թէ 25 տարի առաջ, Սեպտեմբեր 12ի (1980) զինուորական հարուածի ընթացքին բոլոր վարչական ղեկավարներուն հրահանգուած էր, որ ցանկագրէին ու տեղեկացնէին իրենց շրջաններուն ու գիւղերուն մէջ ապրող հայերուն անունները։
Զօրավար Քէնան Էվրէնի առաջնորդութեամբ տեղի ունեցած 1982ի պետական հարուածէն ետք խորհրդարանն ու կառավարութիւնը լուծուած էին եւ երկիրը բանակին կողմէ կը կառավարուէր:
Բանտերը «մինչեւ բերան լեցուն էին»։ Ըստ պաշտօնական տուեալներու, 650 հազար հոգի հսկողութեան տակ առնուած էր, իսկ մէկ միլիոն 653 հազար հոգի ցանկագրուած էր։
Ահաւասիկ այս միջոցին է, որ պաշարման վիճակի հրամանատարութեան միջոցաւ ոստիկանութեան կը յղուի հրամանագիր մը, որ «այսօր եթէ կարդացուի, կրնայ մարդուս արիւնը սառեցնել»։ Հրամանագրին մէջ կը հրահանգուէր, որ ճշդուէին հայ հայրենակիցներուն անունները, զանոնք հետապնդելու համար:
Հրամանագիրը, որ կը կրէ Սեպտեմբեր 8, 1982 թուականը, կը պահանջէր, որ հայկական ծագում ունեցող բոլոր քաղաքացիները տեւաբար քննութեան տակ պահուին։
Ապահովութեան մարզի նախկին պաշտօնատար մը «Ռատիքալ»ին պատմած է, որ այս հրահանգը իրենց հասած է գրաւոր կերպով, պաշարման վիճակի հրամանատարութենէն։
«Մեր պատասխանատուութեան շրջանին մէջ քննութիւն կատարեցինք, տեղւոյն արհեստաւորներուն ու առաջադէմ մարդոց հետ խօսեցանք, հարցուցինք, թէ հայկական ծագումով հայրենակից կա՞յ, թէ չկայ։ Ով ինչ լեզուէ որ կը հասկնայ, անոր հետ այդ լեզուով պէտք է խօսիլ, գործին գաղտնիքը հո՛ս է։ Արդէն պաշարման վիճակ կը տիրէ, ամէն մարդ վախի ու դողի մէջ է, ո՛չ մէկը քաջութիւնը կ՚ունենայ հայերու գոյութիւնը գաղտնի պահելու, քանի որ հայերը կը նկատուին անջատողականներ։ Իմ շրջանիս մէջ հայ չկար։ Եթէ ըլլար, պիտի ստիպուէի անոնց անուններն ու հասցէները տեղեկագրել։ Անշուշտ նաեւ զանոնք հսկողութեան տակ պահել», աւելցուցած է ան։
«Անգարացի 78նոցներ» անունով միութեան նախագահ Ռուշէն Սիւմպիւլօղլու իր կարգին պատմած է, որ հայերու անուններուն ցանկագրութիւնը այդ շրջանի ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւնն էր։ Պետական հարուածի հեղինակները կը հաւատային, որ «տարբեր» եղող հայրենակիցները հաւանական թշնամիներ էին եւ այդ պատճառաւ պէտք է ցանկագրուէին ու հսկողութեան տակ պահուէին։ «Հիմա մենք տարիներէ ի վեր կ՚ըսենք, որ պետութեան ունեցած նմանօրինակ ցանկերը պէտք է բնաջնջուին, որովհետեւ ասիկա ընկերային խաղաղութեան համար պայման է», ըսած է Ռուշէն Սիւմպիւլօղլու։