Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Առողջապահական կազմակերպութիւններու վերջին տարիներու ուսումնասիրութիւններուն տուեալներուն համաձայն՝
1.- Ամերիկացի չափահասներուն 60 միլիոնը գէր է եւ անոնց 9 միլիոնը չափազանց գէր է, որոնց BMI-ը 40է վեր է:
2.- Ամերիկայի մէջ ամէն տարի ճարպակալումի հետեւանքով 300,000 անհատներ կը մահանան:
3.- Ամերիկացի չափահասներուն կէսէն աւելին բաւարար չափով մարզանքի չի հետեւիր եւ մէկ չորրորդը բոլորովին մարզանքի չի հետեւիր:
Այս բոլորը իմանալէ ետք, մեզմէ իւրաքանչիւրը խուսափելու է նստակեաց կեանքէ, շատակերութենէ, շուկայի վատառողջ, վնասակար եւ արագ կոչուած կերակուրներէ, ինչպէս նաեւ զովացուցիչ խմիչքներէ, որոնք հարուստ են ածխաջրատներով եւ թունաւոր գունաւորումներով։
Ծնողներ ունին մեծ պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն՝ հանդէպ իրենց զաւակներու կերուխումին, ապրելակերպին, սննդառութեան եւ մարմնամարզանքին։
Անոնք կրաւորական կեցուածք ունենալու չեն եւ միայն խրատ տուողներ ըլլալու չեն, այլ իրենց ապրելակերպով, կենցաղով եւ գործով ըլլալու են բարի օրինակներ իրենց զաւակներուն մօտ։
Բժիշկներ ջահակիրները ըլլալու են ճարպակալումի պայքարի գործընթացքին մէջ. իրենք ըլլալու են լաւ օրինակներ ժողովուրդին մօտ եւ բծախնդրօրէն հետեւելու են իրենց հիւանդներու առողջական վիճակին եւ անոնց ճարպակալումին։
Ճարպակալումը կանխարգելիչ է՝ բացի ժառանգական ազդակներէ յառաջացած որոշ տեսակները։
Ճարպակալումէ ձերբազատուիլ կը նշանակէ ունենալ ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան առողջութիւն, ինչպէս նաեւ հեռու մնալ ճարպակալութեան վտանգաւոր եւ մահացու հետեւանքներէն։
Քանատայի առողջապահական կազմակերպութիւններու 2004ի տուեալներու համաձայն՝
1.- Քանատայի փոքրիկներուն 9 տոկոս ը չափազանց գէր է, իսկ 20 տոկոս ը գէր է, այսինքն 30 տոկոս ը կը տառապի գէրութենէ:
2.- 6-17 տարիք ունեցող քանատացիներ, որոնք երկար ժամանակ հեռատեսիլ կը դիտեն, վիտէոյի խաղերով կը զբաղին եւ համակարգիչներու վրայ ժամեր կ՚անցընեն, աւելի մեծ կարելիութիւնը ունին ըլլալու գէրեր:
3.- 1979էն 2004 քանատացիներուն 2-17 տարիքը ունեցողներուն գիրութիւնը բարձրացած է 3 տոկոս էն 8 տոկոս ի:
4.- 1979ին 18 տարեկանէն վեր չափահաս քանատացիներուն 13.8 տոկոս ը եղած է գէր, իսկ 2004ին այս թիւը բարձրացած է եւ եղած է 23.9 տոկոս , ունենալով 30էն աւելի բարձր BMI:
Քէպէք նահանգի Առողջապահական կազմակերպութիւններու 2005ի ուսումնասիրութիւններուն համաձայն՝
1.- Քէպէքի մէջ 1985ին չափահասներուն 11.4 տոկոս ը եղած է գէր, իսկ 2005ին 26.5 տոկոս ը:
2.- 4000 քէպէքցիներ ամէն տարի կը մահանան ճարպակալումի հետեւանքով:
3.- Քէպէքի բնակիչները աւելի նստակեաց են՝ բաղդատաբար միւս նահանգներու ժողովուրդներուն:
4.- Քէպէքի բնակիչներուն 50 տոկոս ը շաբաթական երեք անգամ մարզանքի կ՚երթայ, 25 տոկոս ը բնաւ մարզանք չ’ըներ:
5.- Քանատայի մէջ քէպէքցիները ամէնէն շատ հեռատեսիլի կը հետեւին՝ օրական 4 ժամ։
Քէպէք նահանգի կառավարութիւնը Հոկտեմբեր 2006ին տրամադրած է 400 միլիոն տոլար՝ դաստիարակելու համար նահանգի ժողովուրդը գիրութեան դէմ, որպէսզի մարդիկ աւելի աշխոյժ ըլլան եւ ուտեն առողջապահական կերակուրներ: Այս գումարը պիտի ծախսուի դպրոցներու, ընկերային կազմակերպութիւններու, քաղաքապետութիւններու, համայնքային կեդրոններու եւ այն կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնք կ՚որդեգրեն պետութեան գիրութեան դէմ պայքարելու ծրագիրը։ Քէպէք նահանգի կառավարութիւնը կը հաւատայ, որ մինչեւ 2012 գիրութեան համեմատութիւնը պիտի նուազի 2 տոկոս ով՝ պզտիկներու եւ չափահասներու մօտ, իսկ ընդհանուր բնակչութեան մօտ, մօտաւորապէս 5 տոկոս ով։