Ամառը անցաւ, մտանք աշուն, ապրելու Նշան Տէր Գալուստեանի գեղանկարներէն մէկուն մէջ` հարուստ աշնան գոյներով:
Կան անոնք, որոնք կ՛երթան, կը մոռնան, ուրիշներ, որոնք ժամանակ չունին մտածելու անցեալին ու արմատներուն մասին, անոնք` օրուան հազարումէկ հոգերով տարուած՝ կ՛ապրին իրենց ներկան Սփիւռքի զանազան անկիւնները:
Եւ ահաւասիկ կայ Նշան Տէր Գալուստեան գեղանկարիչը, որ տասնեակ տարիներ ետք կը վերադառնայ գեղանկարչական գործերու ցուցահանդէսով մը, իր պաստառներու երանգներով ճոխացնելու 2023ի Մուսա լերան հերոսամարտի եւ խաչի զոյգ տօները:
Նշան Տէր Գալուստեան ծնած է Պէյրութ. իր մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիները անցուցած է Այնճարի մէջ, ապա յաճախած եւ աւարտած է Հայկազեան եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանները: Ան դասաւանդած է թուաբանութիւն եւ բնագիտութիւն Լիբանանի երկրորդական վարժարաններու մէջ:
1978ին, ընտանեօք փոխադրուած են Միացեալ Նահանգներ, ուր այսօր, Ֆրեզնոյի մէջ եռանդուն մասնակից է հայ համայնքի միութենական աշխատանքներուն` իր գեղանկարչական ստեղծագործական երթին զուգահեռ:
Փոքր տարիքէն ցուցաբերած է սէր արուեստի հանդէպ եւ շրջապատին ուշադրութիւնը գրաւած իր տաղանդով: Տարիներու ընթացքին, ան բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներ տուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ: Իր ստեղծագործական սկզբնական ժամանակաշրջանը ապրած ըլլալով Այնճարի մէջ՝ անոր արուեստին վրայ մեծ ազդեցութիւն թողած է զինք շրջապատող բնութիւնը եւ հոն ապրող ու գործող մշակը եւ գիւղացին` իրենց աւանդութիւններով ու ամէնօրեայ կենցաղով:
Հինգշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2023ի երեկոյեան Այնճարի մէջ բացումը կատարուեցաւ Նշան Տէր Գալուստեանի «Գիւղի մը վերածնունդը» վերնագիրը կրող նկարչական գործերու ցուցահանդէսին` կազմակերպութեամբ Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան:
Պաստառները կը պատմէին ժողովուրդի առօրեայ կեանքին, աշխատանքին, գիւղացիին ցանքին, հնձելուն, բերքահաւաքին, կալին, պաթուզին, լերան եւ դաշտին, ծառին ու գետին մասին:
Երբեմն տպաւորապաշտ է, երբեմն իրապաշտ, նաեւ պարզ, անմեղունակ՝ իր ոճով:
Նշան Տէր Գալուստեան կը պատմէ այն, ինչը Արշիլ Կորքի պատմած է վերացական արտայայտապաշտ ոճով: Անցեալը, մանկութեան յիշատակները, ծննդավայրը…
Ցուցահանդէսին ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը՝ հոգեւոր հայրեր, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ արուեստասէր այնճարցիներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան ատենապետ Նաթալի Քէնտիրճեան: Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Ծիրանի, որ բարձր գնահատեց Նշան Տէր Գալուստեանի արուեստի գեղանկարչական արժէքը, հարազատութիւնը եւ անկեղծութիւնը: Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց նկարիչը:
Ջերմ երեկոյ մըն էր, ներկաները, խմբուած նկարներուն դիմաց՝ կը յիշէին, կը մատնանշէին, կը պատմէին…
Երեկոն ստացաւ յաւելեալ հմայք` Սագօ եւ Շահէ Աւագեաններու ջութակի կատարումներով:
Ցուցահանդէսը կազմակերպող Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ գեղանկարիչին եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ու աշխատեցան ի խնդիր ցուցահանդէսի յաջողութեան` Նշան Տէր Գալուստեան գեղանկարիչին մաղթելով, որ վրձինը ըլլայ միշտ թաց:
(Թղթակցութիւնը՝ Համազգայինի Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ)