Մինչ Թեհրանի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած «3+3» ձեւաչափով կազմակերպուած ժողովին ուղղութեամբ արձագանգները կը շարունակուին, Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեկով BBC-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագիրը այդ հարթակին վրայ պիտի չկնքուի:
Ըստ անոր՝ այդ հարթակը երբեք չէ նախատեսուած հակամարտութիւններու լուծման համար եւ ի սկզբանէ ենթադրած է հակամարտութեան աւարտէն ետք տարածաշրջանային համագործակցութեան հաստատումը: