
ՎԱՐԴԳԷՍ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1928ին, Պարսկաստան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Վարդգէս Թովմասեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 20 Հոկտեմբեր 2023ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 3 Նոյեմբեր 2023ին, կէսօրէն ետք ժամը 12։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Church of the Hills մատրան մէջ (ճերմակ եկեղեցի), ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Լորիկ Թովմասեան
Զաւակը՝ Զարեհ Թովմասեան
Դուստրը՝ Նայիրի եւ Նորայր Արամեան
Թոռները՝ Ալենուշ եւ Վահէ Արամեաններ
Արմէն եւ Մելանի Թովմասեան եւ ընտանիքը
Թալին եւ Մաթիու Քրասթոն եւ ընտանիքը
Եղբայրը՝ Վարուժ եւ Ռազօ Թովմասեան եւ ընտանիքը
Եւ համայն Արամեան, Օհանեան եւ Գրիգորեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Impression սրահին մէջ, 212 N. Orange St., Glendale, CA 91203
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՕՄին՝ ի նպաստ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներու ֆոնտին։