19 Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումին պատճառով, Արցախի մէջ զոհուած են առաւել քան 200 քաղաքացիներ եւ զինուորներ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Քննչական կոմիտէն:
Ըստ կոմիտէին` շուրջ 12 քաղաքացիներ եւ 30 զինուորներ կը նկատուին անյայտ կորսուածներ։
Քննչական կոմիտէն կը նշէ, թէ կան առնուազն 14 անձեր խոշտանգման ենթարկելու դէպքեր, որոնցմէ 12ը զինուորներ են, երկուքը` քաղաքացիներ: Ռազմական գործողութիւններու պատճառով սպաննուած են 3 մանուկներ, տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ ստացած են 231 զինուորներ եւ 80 քաղաքացիներ:
Ընդգծելով, որ 19էն 20 Սեպտեմբերին կատարուած ռազմական յարձակման պատճառով, Արցախի գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը` առաւել քան100 հազար անձեր` բացառապէս ֆիզիքապէս փրկուելու անհրաժեշտութենէ դրդուած, բռնի տեղահանուած են` առանց իրենց ունեցուածքը եւ գոյքը դուրս բերելու պատշաճ ժամանակ եւ հնարաւորութիւն` կոմիտէն կը տեղեկացնէ. «Բռնի տեղահանութեան ընթացքում եւ դրան անմիջապէս յաջորդող ժամանակահատուածում արձանագրուել է 64 քաղաքացիական անձի մահ, որոնք ուղիղ պատճառական կապի մէջ են պաշարման ժամանակահատուածում, էթնիկ (ցեղային) զտումների գործողութիւնների եւ տեղահանութեան ընթացքում կրած զրկանքների` սովի, դեղորայքային եւ բժշկական օգնութեան բացակայութեան եւ այլնի հետ»:
Նշելով, որ վարոյթ իրականացնող մարմինը կը քննէ նաեւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ քաղաքացիներուն, որոնց կարգին Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու առեւանգումներու, զինուորներ գերի տանելու դէպքերը` Քննչական կոմիտէն կը տեղեկացնէ, որ կան 16 անձերու` 6 զինուորներու գերի տարուելու եւ 10 քաղաքացիներու առեւանգման մասին տուեալներ, իսկ Պաքու 16 անձերէն միայն 9ը հաստատած է՝ իր հսկողութեան տակ վերջիններուս գտնուելու փաստը, միւսներուն հարցով կը կատարուին համապատասխան գործողութիւններ: