(Ծննդեան 120ամեակ)
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Անհրաժեշտ չէ արեւմտահայ գրականութեան մասնագէտ ըլլալու, Վազգէն Շուշանեանի երկերուն հանդիպած ըլլալու կամ զանոնք կարդալու համար։ Տարաբախտ այս բանաստեղծին սիրային վիպակները հայ գրականութեան մէջ կը մնան որպէս ամբողջ կեանք մը՝ իրենց հարազատ պատկերներով, անյագ սիրոյ զեղուն տողերով եւ յուզումներով ու ապրումներով։ Այդպիսին էր իր կեանքը եւ նոյն ձեւով եւ ոճով ալ եղաւ անոր գրականութիւնը։
Շուշանեան ծնած է Ռոտոսթօ քաղաքը 1903ին։ 1906-1911ին յաճախած է է Ռոտոսթոյի Սուրբ Խաչի Յիսուսեան եւ Սուրբ Թագաւոր թաղի Յովհանեան նախակրթարանը։ 1915ին, Շուշանեաններու ընտանիքը կը տեղահանուի դէպի արաբական անապատները, ուր բանաստեղծին ընտանիքի անդամները կը սպաննուին։ Հայոց Ցեղասպանութեան այս սարսափը խոր հետքեր ձգած է անոր վրայ եւ յաճախ այդ մէկը կ՛արտացոլայ անոր գրականութեան մէջ։
«Հայոց աշխարհի դաժան ճակատագիրը զարկած էր մե՛զ ալ, մեր պարանոցներէն։ Մենք ալ կիսամերկ ու անսուաղ էինք։ Քաղցի երկար ու դժնէ օրերը գողցած էին մեր առողջութիւնը, եւ բոլո՛րս ալ, որբ էինք ու պանդուխտ մեր իսկ հայրենիքին մէջ։ Ու անօթի։ Անօթի։ Գիշերը, մեր քունին մէջ, սպիտակ ու փափուկ հացի երազը կը հալածէր ու մեր տառապանքին մէջէն, մելամաղձոտօրէն, կը ժպտէին խնճոյքի ցնորական ժամերը» («Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաքը»)։
1919ին կ՛ընդունուի Արմաշի երկրագործական վարժարան, վարժարանին կազմի հետ կը տեղափոխուի Կոստանդնուպոլիս, ապա Հայաստան․ մէկ տարի յետոյ կը վերադառնայ Պոլիս, ապա Նիւ Եորք, Իզմիր եւ վերջապէս 1922ին կը հաստատուի Փարիզ։ Ինքնաշարժներու «Ռենօ» գործարանին եւ «Մոնրուժ» մետաղագործարանին մէջ կատարած է բանուորութիւն։ Ուսանած է երկրագործութիւն եւ կաթնեղէնի արդիւնաբերութիւն, իսկ աւելի ուշ՝ Սորպոնի համալսարանը։
Շուրջ տասնամեակ մը (1922-1932) ունեցած է կուսակցական եւ հասարակական գործունէութիւն։ Անդամակցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ ապա եղած է Մարտկոցական շարժման առաջնորդներէն, որուն պատճառով ալ հեռացուած է Դաշնակցութենէն, միաժամանակ հրաժարելով մարտկոցականութենէն։ Նոյն այս տարիներուն աշխատակցած է «Յառաջ»ին եւ «Հայրենիք» ամսագիրին։ Այս դէպքերէն ետք ան կը քաշուի հայ կեանքէն եւ կ՛ապրի ֆրանսական միջավայրի մէջ։ Հակառակ այս իրողութեան, ան շարունակած է ստեղծագործել։ Վերջին տարիներուն աշխատած է ֆրանսական դպրոցի մը մէջ։
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի օրերուն, կը հիւանդանայ եւ կը տեղափոխուի հիւանդանոց։ Անոր վերջին այցելուներէն եղած է «Յառաջ»ի խմբագիր Շաւարշ Միսաքեան։ Թոքերու բորբոքումի հետեւանքով, Շուշանեան կը մահանայ հիւանդանոցին մէջ միայնակ եւ լքուած 2 Յունիս 1941ին։ Թաղումը կը կազմակերպէ Լեւոն Չորիմիսեան։ Սակայն մէկ տարի ետք, գերեզմանին վարձը չվճարուելու պատճառով աճիւնները կը հանուին եւ կը զետեղուին հաւաքական գերեզմանի մը մէջ, այդպիսով անյայտ կը կորսուին Շուշանեանի աճիւնները։ Այս մասին Կարօ Փօլատեան արդարօրէն կը պոռթկայ, թէ հասկնալի էր, որ Ցեղասպանութեան մեր նահատակները գերեզման չունենային, կամ ստալինեան բռնարարքներու զոհ գացած մեր գրողներ մնային առանց շիրիմի, սակայն անընդունելի է, որ Փարիզի մէջ հայ բանաստեղծը շիրիմ չունենայ եւ թաղուի հաւաքական գերեզմանի մը մէջ։
Շուշանեան արեւմտահայ եւ առհասարակ հայ գրականութեան ամէնէն ինքնատիպ գրողներէն մէկն է։ Անոր վիպակները մեծ հաճոյքով կ՛ընթերցուին մանաւանդ պատանեկան տարիքի սերունդներու կողմէ։ Առհասարակ իր կեանքէն առնուած դէպքերու եւ սիրոյ արկածախնդրութիւններու դրուագներ են, որ կը ներկայացնէ Շուշանեան, որոնց գլխաւոր հերոսը ընդհանրապէս ինքն է։ «Մահուան Առագաստը», «Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաքը», «Առաջին Սէրը», «Գարնանային Սիրոյ Հեզ Նամակներ», «Բանաստեղծը Եւ Կինը» եւայլն, սիրոյ վիպապաշտ պատմուածքներ են, ուր զգացումներու ժայթքումը կը տողանցէ անդադար։ Դեռ հարիւրամեակ մը առաջ իսկ, Շուշանեան զերծ կը մնայ հայ միջավայրի պարտադրած կապանքներէն եւ գեղարուեստօրէն կը ներկայացնէ սիրոյ ամէնէն ջերմ պահերը, առանց իյնալու գռեհկութեան գիրկը։
«Ընդամէնը երկու ձեռք ունիմ՝ դալարագեղ մարմիններէ ծարաւս յագեցնելու համար։ Զիստերուս վրայ կրնամ հանգչեցնել քու գողտր ու բաբախուն մարմինդ, որպէսզի զգաս մարմնիս անօրինակ տագնապն եւ ներքին հրդեհը» («Բանաստեղծը Եւ Կինը»)։
Գրական իր ստեղծագործութիւններու կողքին, անգնահատելի են Շուշանեանի հրապարակագրութիւնները։ Անոնց մեծ մասը որպէս գիրք՝ «Յեղափոխութեան Լոյսէ Գօտին» անուան տակ, Պօղոս Սնապեանի խմբագրութեամբ, հրապարակուեցաւ Պէյրութ 1998ին։ Այստեղ եւս ըմբոստ եւ խիզախ Շուշանեանն է, որ կը դրսեւորուի։
«Հայ մտաւորականը յաճախ բնազդաբար ու անորոշ կերպով ազատական է, առանց ըմբռնելու թէ ոչինչ կը նշանակէ ազատական ըլլալ առանց դիրք որոշելու գոյութիւն ունեցող քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ուժերուն հանդէպ, երբ խնդիրը ազգի մը կեանքը ալեկոծող, անոր ընթացքը որոշող ուժերու շուրջ է։ Չի բաւեր բնաւ զգացական կեցուածքով մը խնդիրը փակուած յայտարարել»։
Դեռ պատանի տարիքին իր մայրը կորսնցուցած ըլլալով, Շուշանեան յաճախ կը յիշատակէ իր մայրը, նոյնիսկ սիրային իր վիպակներուն մէջ։ Անոր յիշատակումներուն մէջ անսահման սիրոյ եւ կարօտի զգացումները պատկերներուն ընդմէջէն կը յորդին։
«Ահա այդ կինը կը կանգնի առջեւս իր գեղուղէշ հասակով: Թաւ մազերուս վրայ կը զգամ իր նուրբ մատներուն հպումը: Հոգիս կը լենայ կեանքով եւ երջանկութեամբ: Մանկան մը նման կը հրճուիմ այդ գգուանքէն: Անուշիկ մայրիկ» («Խառնիխուռն»)։
Շուշանեանի համար հայրենիքը անփոխարինելի երդիք մըն է ոչ միայն հայաստաբնակներուն, այլ նաեւ սփիւռքահայութեան համար։ Ան Հայաստանը կը համարէ միակ եւ վերջնական յենարանը հայ ժողովուրդի իղձերուն եւ գոյատեւման։
«Ես եւս խորապէս, անդառնալիօրէն արեւմտահայ եմ, բայց ի վերջոյ ազգը վեր է մեր հատուածական նախասիրութիւններէն: Ու Հայաստանը մեր միակ երկիրն է, մեր միակ ապագան: Ուշ կամ կանուխ պէտք է որ վերադառնանք…»
Շուշանեան խորունկ եւ անբացատրելի սէր ունի հայերէնի հանդէպ։ Իր ամբողջ գրականութիւնը ապացոյցն է այդ սիրոյն։ Հայ գրականութեան մէջ ամէնէն հարուստ բառամթերք ունեցող գրողներէն մէկն է ան։
«Կ՛ուզէի քեզ սորվիլ մինչեւ վերջին վայրկեանը,- քու յետին շեշտերդ ու քու յետին բառերդ: Քու ներքին երաժշտութիւնդ ու քու գծած ճամբադ` պատմութեան մէջ: Դուն, որ մեր աղօթքն ես ու մեր հաճոյքը,- հայո՜ց լեզու, կը սիրե՛մ քեզ»:
Բարեբախտաբար, ժամանակի թաւալումով, Շուշանեան սկսաւ գնահատուիլ։ Անոր բոլոր երկերը հրատարակուած են տարբեր երկիրներու մէջ։ Ան հայ գրականութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն է եւ ինչպէս մեր մեծագոյն գրաքննադատ Յակոբ Օշական կ՛ըսէ անոր մասին. «Ամէնէն առաջ համակրած եմ իր զգայնութեան: Նորերէն շատ քիչեր միայն բերին մեր գրականութեան այդքան առատ ջիղերու սարուածք մը: Այդ զգայնութեան արտայայտումին համար անիկա գործածեց նորերուն ոճը»: