Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա վստահեցուց, որ Ռուսիա պատրաստ է մօտիկ ապագային Մոսկուայի մէջ հանդիպում կազմակերպելու Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ:
Ան պնդեց, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ճանապարհային քարտէսը կը մնան 2020-2022 թուականներուն ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւնները, որոնք կը ներառեն կողմերուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւն, տնտեսական եւ երթեւեկի հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակում Հարաւային Կովկասի մէջ:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ Զախարովա ընդհանրապէս չ՛անդրադառնար եռակողմ յայտարարութիւններու միւս՝ չպահպանուած կէտերուն, ըստ որոնց, 10 Նոյեմբեր 2020ին կը յայտարարուի զինադադար, կողմերը կանգ կ՛առնեն հոն, ուր կը գտնուին: Սակայն անկէ ետք Ատրպէյճան բազմիցս յարձակումներու դիմեց, բարձունքներ ու դիրքեր գրաւեց, իսկ 19 Սեպտեմբերին յարձակեցաւ Արցախի մնացած տարածքին վրայ, որուն պատճառով Արցախը հայաթափ եղաւ: Ըստ եռակողմ յայտարարութեան՝ ռազմագերիները պէտք է ազատ արձակուէին, բայց անոնց թիւը կ՛աւելնայ ատրպէյճանական բանտերուն մէջ: Գաղթականները պէտք է վերադառնային իրենց նախկին բնակութեան վայրերը, իսկ Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքը պիտի մնար Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի վերահսկողութեան տակ: