
2-3 Նոյեմբերին, ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով, Կիպրոսի Լարնաքա քաղաքին մէջ, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի, Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ համահայկական ողջ կառոյցի մարմիններու ներկայացուցիչներու ու հրաւիրեալ ընկերներու մասնակցութեամբ գումարուած խորհրդաժողովը:
Սոյն խորհրդաժողովի հիմնական օրակարգն էր՝ Ատրպէյճանի կողմէ ցեղասպանական յարձակումներու հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան բռնի հայաթափումի լոյսին տակ Հայաստանի ու հայութեան առջեւ ծառացած մեծ մարտահրաւէրները:
Երկօրեայ բազմակողմանի քննարկումներով ժողովը անդրադարձաւ արցախահայութեան առաջնահերթ ընկերային ու տարրական կարիքներուն, Ատրպէյճանի կողմէ դեռ շարունակուող յարձակողապաշտ ու ցեղասպան լկտի քաղաքականութեան, Արցախի Հանրապետութեան գերեվարուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հարցին, Արցախի Հանրապետութեան պետականութեան կարեւորագոյն օղակներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն, միջազգային ու տարածաշրջանային քաղաքական իրադրութեան եւ Հայաստանի իշխանութիւններու վարած ապաշնորհ ու պարտուողական քաղաքականութեան:
Վերոնշեալ քննարկումներու լոյսին տակ, ժողովը ձեւաւորեց այն հիմնական ուղղութիւնները, որոնք պիտի հունաւորեն համադաշնակցական ընտանիքի քաղաքական ու աշխատանքային յառաջիկայ քայլերը եւ որոնք պէտք է դառնան ազգի ու հայրենիքի ճակատագրով մտահոգուած եւ հայ ժողովուրդի հաւաքական ազգային պայքարի կամքը վերականգնող ներազգային բոլոր ճիգերը շաղկապող առանցք:
ՀՅԴ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ
6 Նոյեմբեր 2023