«Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ»ի (ԱԺԲ) առաջնորդներէն Ժիրայր Սեֆիլեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մէջ (ԱԱԾ) իբրեւ վկայ հարցաքննուեցաւ՝ Երեւանի մէջ կանխուած ահաբեկչութեան գործի ծիրին մէջ:
Հարցաքննութենէն ետք տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սեֆիլեան հերքեց ընդդիմադիր Բեւեռի կապը «Հիւսիսային Տերեւաթափ» անուանումով գործողութեան հետ, նոյն ժամանակ ան ընդունեց, որ կը ճանչնայ ձերբակալուած հինգ անձերէն երկուքը:
«Հիմնականում քննիչի հարցերի նպատակն այն էր, որ «Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ»ը արդեօք կապ կարո՞ղ է ունենալ այսպիսի բանի մը հետ: Նա, բնականաբար, ստացաւ այնպիսի համոզիչ պատասխաններ, որ բեւեռը չի կարող այսպիսի դէպքերի հետ կապ ունենալ», ըսաւ Սեֆիլեան:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը նախորդ շաբաթ հաղորդած էր, որ արդէն ձերբակալուած հինգ եւ քննութեամբ չպարզուած այլ անձեր ուզած են կազմալուծել իշխանութեան գործունէութիւնը` նախապատրաստելով պայթում մը եւ հանրութեան համար վտանգաւոր արարք մը: Ծրագրուած էր նաեւ սպաննել քաղաքացի մը, որուն անունը ԱԱԾն չբացայայտեց:
Սեֆիլեան չուզեց հրապարակել իր ճանչցած երկու անձերուն անունները` պատճառաբանելով, որ ԱԱԾն միայն անոնց անուան սկզբնատառերը նշեց, առ այդ, ինք պիտի չբացայայտէ այդ մարդիկը: Ան ընդգծեց միայն, որ անոնք բեւեռականներ չեն, բայց իրենց հետ վերջին շրջանին շփումներ ունեցած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իշխանութենէն հեռացնելու իրենց նպատակին շուրջ: «Նրանց հետ մենք այստեղ շփում ունեցել ենք, նրանք փորձել են օժանդակել այստեղ մեր հրապարակային գործունէութեանը, եւ երբ իրենք ամբողջական հրապարակեն անուն-ազգանունները, այդ ժամանակ ես այլ մտքեր եւս կ՛ասեմ այդ տղաների մասին: Կարեւորն այն է, որ ես հիմնաւոր կերպով իմ կարծիքը այսօր փոխանցել եմ նրանց, որ այն սիւժէն (նիւթը), որ մենք տեսել ենք, որ նրանք ներկայացրել են, ծայրից ծայր անհեթեթութիւն է»:
Ան նախաքննութեան գաղտնիութեան խախտում նկատեց այն փաստը, որ ԱԱԾի հրապարակած տեսանիւթին մէջ ենթադրաբար ահաբեկչութիւնը նախապատրաստած մարդոց գրառումներուն մէջ կը յիշատակուէր նաեւ ԱԺԲն: Ան ըսաւ, որ միայն զինք կանչած են հարցաքննութեան, խուզարկութիւն չեն կատարած իրենց տարածքներուն մէջ: