ՀՄԸՄի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի 46րդ Ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ 20էն 22 Հոկտեմբերի շաբաթավերջը, Ուաշինկթընի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Շրջանային ժողովը իր տեսակին մէջ իւրայատուկ էր՝ նկատի ունենալով համա-հայկական տիրող ճնշիչ պայմանները:
Ժողովականները՝ գօտեպնդուած քննեցին ժողովի զանազան օրակարգերը:
Ժողովին ներկայ էին Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Ագթաւուգեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Լիոնի Սարմազեան, ՀՅԴ Արեւելեան Մերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մարալ Աբրահամեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Լուսին Յովհաննէսեան, Համազգայինի ներկայացուցիչ Ալին Պաղտասարեան, ՀԵԴի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Յարութ Թաշեան, միութեան ընթացաւարտ շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վիգէն Խաչատուրեան եւ անդամները, շրջանային Սկաուտական խորհուրդի ներկայացուցիչ Լոռի Փիլիպոսեան, Շրջանային մարզական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արի Մինասեան, Շրջանային հանրային յարաբերութեան եւ արհեստագիտական տեղեկատուական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արամ Գայսերեան, շրջանի եօթը մասնաճիւղերէն (Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Շիքակօ, Ուաշինկթըն, Պոսթըն, Տիթրոյիթ եւ Փրովիտընս), եւ մէկ միաւորէն (Մերրիմեք հովիտ) 33 լիազօր ներկայացուցիչներ եւ 9 հրաւիրեալներ:
Ժողովին պաշտօնական բացումը կատարեց ընթացաւարտ շրջանային վարչութեան ատենապետ Վիգէն Խաչատուրեան։ Ժողովականները երգեցին ՀՄԸՄի «Յառաջ Նահատակ» քայլերգը, ապա մէկ վայրկեան յոտընկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը Արցախի գոյապայքարի նահատակներուն եւ ՀՄԸՄի ընտանիքէն առյաւէտ բաժնուած քոյրեր ու եղբայրներուն յիշատակները:

Ընտրուեցան առժամեայ դիւանը եւ լիազօրագիրերու ստուգման յանձնախումբը: Ժողովի օրինականութիւնը հաստատելէ ետք, ժողովը ընտրեց մնայուն դիւանը՝ ատենապետներ Արամ Գայսերեան եւ Շանթ Ժամկոչեան, ատենադպիրներ՝ Կալին Թաշեան եւ Մկրտիչ Արսլանեան: Ժողովի օրակարգը հաստատելէ ետք ընտրուեցան բանաձեւի, քուէախոյզ, արխիւային եւ նախահաշիւի (պիւտճէի) յանձնախումբերը:
Յարակից միութիւններու փոխանցեցին իրենց ուղերձները, իսկ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները՝ իրենց պատգամները: Ապա, տէր հօր սրտի խօսքէն եւ Տէրունական աղօթքէն ետք, իր աւարտին հասաւ ժողովի պաշտօնական բացումը:
Ժողովը լսեց մասնաճիւղերուն եւ միաւորին երկամեայ տեղեկագիրները, ապա կատարուեցան լուսաբանական հարցումներ:
Ներկայացուեցաւ ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան նիւթաբարոյական երկամեայ զեկոյցը։ Կատարուեցան լուսաբանական հարցումներ, որոնց սպառիչ կերպով պատասխանեց վարչութիւնը: Ժողովը նաեւ լսեց արխիւային եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբերուն զեկոյցները, որոնցմէ ետք մանրամասն քննարկեց ընթացաւարտ վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը եւ աւարտին զայն բանաձեւեց գնահատելի:
Ամերիկայի Արեւելեան շրջանը կը հաշուէ 1000 անդամ (մարզիկ եւ/կամ սկաուտ), ունի տասը մասնաճիւղեր եւ երկու միաւորներ։ 2022ին, Պոսթընի մասնաճիւղին հիւրընկալած 30րդ Նաւասարդեան մարզական խաղերուն մասնակցեցան 450 մարզիկներ:
Քննարկուեցան միութեան մարզական, սկաուտական եւ ընդհանուր ներքին կանոնագիրներու բարեփոխումներու առաջարկները: Յառաջիկայ երկամեային համար քննարկուեցան մարզական, սկաուտական, քարոզչական, երիտասարդական զանազան առաջարկներ եւ որդեգրեցին համապատասխան բանաձեւեր: Ժողովը ընտրեց հաշուեքննիչ յանձնախումբը եւ որդեգրեց երկամեայ իր նախահաշիւը:
Ժողովը ընտրեց նոր Շրջանային վարչութիւնը՝ հետեւեալ եօթ անդամներով. Վիգէն Խաչատուրեան, Կալին Թաշեան, Նիկոլ Քէoրքիւնեան, Վահէ Անտոնեան, Քրիս Գրիգորեան, Ռազմիկ Փանոսեան եւ Յակոբ Չաթալեան։
Աւարտին իրենց պատգամներով հանդէս եկան ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, ժողովի դիւանը եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը:
Ժողովը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով:
