Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ (ԵԱԶԸՃԵԱՆ)
– Ալահայտոյեան-Արթինեան Ռուպինա, «Լիբանանահայ Համերգային Արուեստը 1920-2020», Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2023, 576 էջ (լիբանանահայ երգչախումբերու եւ անոնց խմբավարներու մասին հանրագիտարանային բնոյթի աշխատութիւն, լուսանկարներ):
– Ասլանեան Սեպուհ «Վաղ Արդիականութիւն Եւ Շարժունակութիւն. Նաւահանգիստներ Եւ Տպագրիչներ Հայկական Սփիւռքի Երկայնքին, 1512-1800», Եէյլ համալսարանի հրատարակչութիւն, Քընեքթիքըթ, Միացեալ Նահանգներ, 27 Յունիս 2023, 584 էջ (ուշ միջնադարու հայկական տպագրական մշակոյթի պատմութիւն), անգլերէն:
– Դանիէլեան Սուրէն, «Օշականի Ստեղծագործական Հիմնախնդիրները. Մեկնութիւն Եւ «Մանրուքներ» », խմբագիր՝ Քնարիկ Աբրահամեան, հրատարակութիւն «Սփիւռք» գիտա-ուսումնական կենտրոնի, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 624 էջ, 17 x 24,8 սմ. (Յակոբ Օշականի գրական եւ գրաքաննադատական վաստակի վերլուծութիւնը, օգտագործուած գրականութեան, յիշատակուող անձնանուններու ցանկ՝ շատ հակիրճ կենսագրական նօթերով, հեղինակին կենսագրութիւնը եւ հրատարակուած գիրքերուն ցանկը): «Գիրքը հրատարակութեան է պատրաստուել ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան աջակցութեամբ: Տպագրւում է Խ. Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ գիտական խորհրդի որոշմամբ: Գիրքը տպագրուել է Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան ֆինանսաւորմամբ»:
– «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս», ԽԳ. տարի, Ա. գիրք, խմբագիր՝ Անդրանիկ Տագէսեան, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, տպագրութիւն՝ Ռուհանա Շիմալի, Պէյրութ, Հոկտեմբեր 2023, 520 էջ (խմբագրական, հայերէն եւ անգլերէն հայագիտական յօդուածներ, անոնց ամփոփումները՝ նոյն լեզուներով, 1 հրապարակում, հաղորդումներ, 2 գրախօսութիւն, հակիրճ տեղեկութիւններ հեղինակներուն մասին):
– Հարոյեան Կիւլիկ, «Կէսօրէ Ետք Ժամը 4ին», հայերէնէ թարգմանութիւնը՝ Ժիլլիսան Յարութիւնեանի, եւ՝ Հայթայեան Եւա, «Ոսկորներ Եւ Մարմիններ. Մենք Պէտք Է Անոնց Վրայէն Քալէինք», հայերէնէ թարգմանութիւնը՝ Ռոզ Հարոյեան-Կերինի, վերջաբանը՝ Ռեպեքա Ճենքի, խմբագիր՝ Ժիլլիսան Յարութիւնեան, «Հայոց Ցեղասպանութեան Մատենաշար» թիւ 2, «Դատեմ» հրատարակչութիւն, Ֆրեզնօ, 7 Հոկտեմբեր 2023, 271 էջ (համիտեան ջարդերէն եւ Մեծ Եղեռնէն վերապրած մօր եւ Մեծ Եղեռնէն վերապրած դստեր ականատեսի վկայութիւնները, կենսագրական տուեալներ, յիշատակումներու առարկայացանկ), անգլերէն:
– Նալպանտեան Զենոբ Ա. քահանայ, «Եկեղեցագիտական Բառարան Ֆրանսերէն-Հայերէն-Անգլերէն», խմբագիր՝ Անժէլ Նալպանտեան (հեղինակին դուստրը), Միացել Նահանգներ, 2023, 1225 էջ (եկեղեցական, ծիսական եւ աստուածաբանական եզրերու եւ բառերու բառարան, գործածութեան օրինակներ, բացատրութիւններ, երբեմն՝ նաեւ ռուսերէն հոմանիշներ), եռալեզու՝ հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն:
– Նալպանտեան Յովսէփ, «Կեանքի Շարունակուող Շաւիղներ», Բ. եւ Գ. հատորներ, Բ. հատորի յառաջաբանի փոխարէն խօսքը՝ փրոֆ. Վանօ Եղիազարեանի, «Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեան» մատենաշար թիւ 75 եւ 76, «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2023, 572 եւ 570 էջ, 17 x 24 սմ. (Բ. հատորը՝ ազգային ցաւոտ հարցերու մասին Յ. Նալպանտեանի հրապարակագրական յօդուածները, գրախօսութիւններ, զանազան ձեռնարկներու ատեն արտասանուած ելոյթներ, Գ, հատորը՝ մտաւորականներու՝ անոր հրատարակած գիրքերուն մասին յօդուածներ, գրախօսականներ, հարցազրոյցներ Յ. Նալպանտեանի հետ, «Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեան» մատենաշարով լոյս տեսած հրատարակութեանց ցանկ): Գ. հատորը ձօնուած է «բոլոր այն հրապարակագիրներուն, խմբագիրներուն, որոնք երկա՜ր տարիներ պայքարած են յանուն հայ լեզուի, հայ ինքնութեան եւ պարբերական մամուլի պահպանման ու յարատեւման»:
– Նալպանտեան Յովսէփ, «Սփիւռքահայ Գրող-հրատարակիչներ», ներածական խօսքեր Գէորգ Եազըճեանի եւ փրոֆ. Վանօ Եղիազարեանի, բացատրական մը Յովսէփ Նալպանտեանի, «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2023, 267 էջ, 14,4 x 20,3 սմ. (սփիւռքահայ 15 գրող-հրատարակիչներու կենսագրութիւնը, սեփական եւ անոնց հրատարակած՝ ուրիշներու գիրքերու մատենագիտական ցանկեր ու այլ տեղեկութիւններ): Աշխատութիւնը ձօնուած է «բոլոր գրող-հրատարակիչներուն, որոնք երկա՜ր տարիներ պայքարած են հայ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման, գիրքի հրատարակման-տարածման շնորհակալ եւ շարունակական մեծ գործին համար»:
– Սեմերճեան Էլիզ, «Մնացորդաց. Հայկական ցեղասպանութեան դիւաններ՝ մարմիններու վրայ», Սթանֆորտի համալսարանի հրատարակչութիւն, Սթանֆորտ, Գալիֆորնիա, Ա. Մ. Ն., 15 օգոստոս 2023, 398 էջ, 15,1 x 22,7 սմ. (Մեծ Եղեռնէն վերապրած, իսլամացուած եւ դաջուածքներով պատուած հայ մանուկներու եւ պատանիներու, մասնաւորաբար աղջիկներու տառապանքին մասին), անգլերէն:
– Սիամանթօ «Ténèbres – Խաւար», թարգմանութիւնը եւ ներկայացումը՝ Անի Սուլթանեանի, «La Coopérative» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 15 սեպտեմբեր 2023, 208 էջ (բանաստեղծութիւններ), երկլեզու՝ ֆրանսերէն եւ հայերէն:
– Քասունի Երուանդ Հ., ««Ծագումն Եւ Ընթացք Աւետարանականութեան Ի Հայս» Վեր. Ստեփան Խ. Իւթիւճեան Եւ Կազմաւորումն Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիի», տպարան «Design Kesdenian», Պէյրութ, 2022 (մեծաթիւ ծանօթագրութիւններ):